
Այստեղ ներկայացուած են Աղուոր բաներուն բոլոր մեծ եւ պզտիկ ծրագիրները։ Ծրագիրներուն մէկ մասը շարունակական են, մէկ մասը եղած եւ վերջացած են, մէկ մասը առցանց են, մէկ մասը անձերու իրար քով գալով կ՚ըլլան։ Կան ուսումնասիրութիւններ, ձեւաւորումի աշխատանքներ, տեսերիզներ, ձայներիզներ եւ ուրիշ աղուոր բաներ։ Եթէ աղուոր գաղափար մը ունիք, կրնաք գրել մեզի, կը նայինք ինչ կրնանք ընել իրարու հետ։
«100 պատկեր»ը կարճ թատերախաղիկներու շարք մըն է, որ կ’ընդգրկէ առօրեայ կեանքի զանազան կացութիւններու մէջ գործածուող արեւմտահայերէն տրամադրելի հիմնական բառեր ու արտայայտութիւններ։
Ոմանք կ՚ըսեն «ներգաղթ», ուրիշներ «հայրենադարձութիւն», ուրիշներու համար ամենէն մեծ դժբախտութիւնն է, ոմանք լման մոռցած են այս դրուագը։ 1940-ականներուն արեւմտահայերու Հայաստան գաղթին պատմութիւնները քով քովի բերել կը ջանանք։
Նարօտը կը զրուցէ աղուոր ճաշեր պատրաստողներու հետ, կը հաւաքէ անոնց պատմութիւնները եւ իւրաքանչիւրին հետ կը պատրաստէ բան մը, բաժնելու համար բոլորիս հետ։ Անուշ ըլլայ։
Այս աշխատանոցը ներշնչուած է հանրայայտ «անուն քաղաք» խաղէն, ուր մասնակիցները պէտք է անուն մը, քաղաք մը, ճաշ մը եւ այլ բառեր գտնեն։ Աշխատանոցի ընթացքին Նորայր Օլկար կը խօսի Պոլսեցիներու հետ։ Կը հարցնէ զրուցակիցներուն իրենց անունին, ապրած թաղամասին եւ սիրած ճաշերուն մասին։
Պզտիկ ծրագիր մը աշխարհի բոլոր աշխատողներու իրաւունքներուն համար։ Աշխատանքը ինքնին անվերջ պայքար մըն է իրաւունքի համար, անարդարութիւնը եւ չարաշահումը կարելի է օր մը վերջացնել։ Մենք ալ կաթիլ մը ըլլանք իրաւունքներու պայքարի ովկեանոսին մէջ։ Նաեւ ի միտի ունենալով, որ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ աշխատողներուն իրաւունքները յաճախ անտեսուած են, «վարձքդ կատար» կ՚ըսենք կ՚անցնինք առանց իսկապէս մտածելու որ դիմացինը իրաւունքով վարձատրուած է, թէ ոչ։ Ուրեմն այս պայքարը որքան որ համաշխարհային է, նոյնքան տեղական է։
Երեւանն ալ աշխարհի արեւմտահայ քաղաքներէն մէկն է։ Այստեղ տասնամեակներ շարունակ ապրած, աշխատած, կերտած ու անոր մաս կազմած են արեւմտահայեր։ Ըլլան գաղթական թէ հեռուէ հեռու, այս քաղաքին ամէն քայլափոխին հետք մը ձգած են անոնք։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար քարտէս մը պատրաստէինք ու տեսնէինք ի՞նչ կ՚ըլլայ կոր։
Կտաւներու ծրագիր մը գրական մէջբերումներու համար։ Երբեմն հանրայայտ հեղինակներէ, երբեմն չլսուած ու մոռցուած անուններէ, բայց միշտ աղուոր մէջբերումներ։ Մանաւանդ կին գրողներ, ապրող գրողներ, յատկապէս սփիւռքահայ գրողներ, բայց միշտ արեւմտահայերէն գրուած մէջբերումներ։
Կտաւներու ծրագիր մը բառերու համար։ Բառերը կ՚ընտրուին աջէն ձախէն, երբեմն նաեւ բառարաններէն։ Պզտիկ բացատրութիւն մը բաւարար է բառին հոգիին թափանցելու համար։ Ամէն բառ նաեւ ունի իր թարգմանութիւնը։ Թերեւս ծառայէ անոնց որ կ՚ուզեն սորվիլ եւ կամ պարզապէս իմաստէն աւելի վստահ ըլլալու համար։
Դիմակահանդէս մըն է։ Sունէն արագ կը գտնենք առարկայ մը որ քառակուսի է, ետքը ուրիշ մը որ եռանկիւն է, ապա կլոր եւ վերջապէս բազմանկիւն: Ահաւասիկ գիտենք ձեւերուն անունները, հիմա կրնանք դիմակները շինել: Ամէն մէկս կ՚որոշենք թէ ինչ ձեւի դիմակ մը կ՚ուզենք… Յաջորդ հանդիպումներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
Քանի մը խօսք, քանի մը պատկեր, քիչ մըն ալ ձայն բաւարար ե՞ն քաղաք մը ներկայացնելու համար։ Թերեւս ոչ, թերեւս այո, թերեւս քիչ մը։ Քաղաք մը ի՞նչ կը նշանակէ անոր ներկայ կամ անցեալի բնակիչներուն համար։
Մեր ամենէն մեծ ծրագիրներէն մէկը։ Քանի մը խօսք կրնայ բաւական լաւ զգացնել մեզի։ Ի՞նչ ունինք որ մենք, ի՞նչ եղեր է որ մեզի։ Քիչ մըն ալ խնդանք այսինքն։
Մէր լէզուն մէզի թեւեր կու տայ, ազատ խօսելու, ազատ գրելու եւ միլիոն ուրիշ ձեւով արտայայտուելու։ Լէզուն անընդհատ սրբագրելու առարկայ մը չէ, ամէն մարդ տարբէր կը գործածէ իր լէզուն, ինքն է տէրը իր լէզուին։ Այս ծրագիրով քիչ մը կը ցաւցնէնք սրբագրէլը ասպարէզ դարձնողնէրը։
Քիչ մը ալ վայելել անշուշտ, սիրել սա մեր լեզուն։
Արեւմտահայերէն խօսակցական լեզուն արժեւորելու, առանց ամօթի կամ քաշուելու կամ սրբագրուելու վախին գործածելու եւ ի վերջոյ սա լեզուն վայելելով խօսելու համար ծրագիր մը։ Բարի եկած էք սխալ մխալ, օտար բառերով խառնուած խօսակցական մեր շատ աղուոր ու հարազատ լեզուն գործածելու։
Քայլ մը դէպի հայրիշխանութեան վերջնական տապալում։ Քիչ մը գիտակցութիւն կիներու իրաւունքներու, սեռային ինքնութեան եւ սեռային հաւասարութեան մասին։
Այս աշխատանոցը պատրաստուած է մասնակից երեխաներուն գծագրութիւններով եւ ձայներով։ Երեխաները քով քովի եկած են եւ խաղալով, քիչ մըն ալ օգնութիւն առնելով, պատրաստած են այս տեսերիզները։
Մասնակիցները նախ լրացուցած էին դիմում մը, ապա քով քովի եկած, եւ աշխատանոցը վարողներուն օգնութեամբ ամէն մէկը գրած է երգին իր բաժինը, ոմանք մասնակցած էին իրենց ձայնով, ուրիշներ իրենց նուագով։ Վերջապէս երգը ձայնագրուած էր եւ արտադրուած, պատրաստ հրատարակութեան համար։
Պիլը Պոլիս այցելած է 1964 թուականին, Պիթլիս երթալու իր ճամբուն վրայ։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին Սարոյեանին ուղեկցած է Պետրոս Զօպեանը, Պոլսահայ խմբագիր, ճարտարապետ եւ մտաւորականը։ Զօպեան ապա գրած է իր յուշերը Սարոյեանի հետ։ Սարոյեան Պոլսոյ մէջ անցուցած է քանի մը օր, որոնց ընթացքին ունեցած է տարբեր հանդիպումներ։ Այս քարտէսը ցոյց կու տայ այդ վայրերը, Զոպեանի գիրքէն մէջբերումներով։
Սէրը սէր է եւ վերջ։ Քեզի՞ ինչ ով որու կը սիրէ։ Քեզի՞ ինչ ով ինչ տեսակ կեանք կ՚ուզէ ապրիլ։ Իրար օգնենք որ այս կեանքը աղուոր ըլլայ բոլորիս համար։ Պզտիկ ծրագիր մը որ կը զբաղի սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով։