«Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։
Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութենէն, ինչպէս նաեւ, համաշխարհային խնդիրներէ, շօշափելով օրինակ՝ կիներու իրաւունքներու հարցը։
Կայքէջին նիւթերուն մէկ մասը արդիւնքն են հետեւողներու առաջարկութիւններուն։ Այլ նիւթեր կը պատրաստուին «Աղուոր բաներ» ծրագիրի կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցներու ընթացքին։ Ծրագիրը ունի նաեւ իմակով տարածուող ամսաթերթ մը, որու միջոցաւ կը նպատակադրէ հասնիլ հասարակական ցանցեր չգործածող հանրութեան:
Այս հրատարակութեան մէջ արտայայտուած կարծիքները անպայմանօրէն չեն արտացոլէր Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տեսակէտները։ Հիմնարկութեան աջակցութիւնը չի նշանակեր թէ ան որեւէ յատուկ կարծիքի կամ դիրքորոշումի նեցուկ կը կանգնի։