Աղուոր ճաշեր

«Աղուոր ճաշեր» աշխատանոցին մէջ Նարօտ Աւճըն կը զրուցէ աղուոր ճաշեր պատրաստողներու հետ, կը հաւաքէ անոնց պատմութիւնները եւ իւրաքանչիւրին հետ կը պատրաստէ բան մը, բաժնելու համար բոլորիս հետ։ Անուշ ըլլայ։

Ախպարներու պատմութիւններ

«Ախպարներու պատմութիւններ»ը կը կեդրոնանայ ախպարներու՝ 1940-ականներուն Հայաստան փոխադրուած արեւմտահայերու պատմութիւններուն վրայ։ Որպէս «Մեծ ներգաղթ» ճանչցուած այս հսկայական մարդկային տեղաշարժը իր խորունկ ազդեցութիւնը ունեցած է թէ՛ անոր ենթականերուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքին վրայ։ Կը փորձենք հասկնալ այս փորձառութիւնը։

Համով հոտով բաներ

Երան Զէյթունցեանի վարած Համով հոտով բաներ աշխատանոցի ընթացքին երեխաները քով քովի եկած են եւ խաղալով, քիչ մըն ալ ուղեկիցներուն օգնութեամբ, պատրաստած են այս տեսերիզը։

100 պատկեր

«100 պատկեր»ը կարճ թատերախաղիկներու շարք մըն է, որ կ’ընդգրկէ առօրեայ կեանքի զանազան կացութիւններու մէջ գործածուող արեւմտահայերէն տրամադրելի հիմնական բառեր ու արտայայտութիւններ։