չորս տարեկան էր
երբ մայրը
անվերադարձ մեկնեցաւ
այլեւս մեծ ես`
իրեն ըսին
ու մէջքին գոգնոց մը
սեղմ կապեցին
չորս տարեկան էր
մէջքին գոգնոցը սեղմ կապած
փոքրիկ սնտուկին վրայ բարձրացաւ
որպէս խոհանոց ծառայող
գուռին հասաւ
ու աման լուալու սկսաւ
չորս տարեկան էր
աշխատելու սկսաւ
ու ամբողջ կեանք մը
անխոնջ աշխատեցաւ