Զոհուած Արմէնին մարմինը ընկերները ուսամբարձ տարին եւ հողին յանձնեցին: Հայրենի հողը քիչ մը աւելի սրբացաւ: Այրի Արմինէն լացաւ, շատ լացաւ եւ սեւեր հագուեցաւ:
Սեւեր հագուելէն երեք ամիս ետք, ծնունդ տուաւ տղայ զաւակին եւ մխիթարանքի արցունքները խառնուեցան սգոյ արցունքներուն:
Ծննդատունէն ուղղակի գերեզմանոց գնաց: Սեւերը հանած էր եւ սպիտակ հագած: Մօտեցաւ ամուսնու շիրմաքարին, համբուրեց քարը եւ ըսաւ:
-Վերադարձար Արմէն, բարով եկար, մեր տունը կրկին շէնցուցիր:
-Արմինէ,- լսեց առանց տարբերելու, թէ խօսողը ո՞վ էր՝ ամուսին Արմէնը, թէ՞ նորածին Արմէնը: Հարազատ ձայնը շարունակեց -Հետդ եմ Արմինէ, միշտ հետդ պիտի մնամ:
-Գիտեմ,-ըսաւ Արմինէն եւ ժպտաց նորածին Արմէնին:
-Պիտի չլաս այլեւս,- յստակօրէն տարբերեց խօսող ամուսնոյն ձայնը:
-Պիտի չլամ,- պատասխանեց Արմինէ եւ ամուր գրկեց նորածինը.- Քու կարօտդ մեր զաւակին մէջ պիտի գտնեմ, քու ժպիտդ միշտ խառնուած պիտի ըլլայ անոր ժպիտին: Դուն միշտ ներկայ պիտի ըլլաս: Քու շունչովդ պիտի մեծնայ մեր տղան…
Քիչ ետք Արմինէն ուրախ ուրախ վերադարձաւ տուն: Հիմա ամուսինը հետն էր:
Ընտանիքը ամբողջացած էր: