-Զիս կը սիրե՞ս,-հարցուց աղջիկը:
-Փոխարէնս դուն պատասխանէ,- ըսաւ տղան:
Աղջիկը չպատասխանեց, շատ լաւ գիտէր պատասխանը, բայց հիմա երբ բանակ կ’երթար տղան եւ երկար ատեն պիտի չտեսներ զինք, ուզեց անգամ մը եւս լսել տղուն գուրգուրոտ խոստովանանքը:
-Ես քեզ կը սիրեմ, աշխարհի չափ կը սիրեմ,-ըսաւ աղջիկը:
Ասիկա երկու տարի առաջ էր: Բաժնուեցան: Երկու տարին շատ դժուար անցաւ, բայց անցաւ:
քանի մը օր ետք տղան պիտի զօրացրուի եւ վերադառնայ իրեն: Այլեւս ամէն օր պիտի տեսնեն զիրար, ամէն օր երկարօրէն պիտի քալեն, ձեռք-ձեռքի բռնած պիտի քալեն: Երկու տարին չէր կրցած իրենց սէրը տկարացնել, ընդհակառակը կարօտը աւելցուցած էր, անդիմադրելի կարօտը… ու ահա երկար սպասուած օրը շատ մօտեցած էր:
Բայց պատերազմ սկսաւ… տղան չվերադարձաւ, պիտի չվերադառնայ այլեւս …
Հիմա… աղջիկը մինակը կը քալէր փողոցներէն, արահետներէն, կը ժպտար տղուն, օդին մէջ անոր ձեռքը կը բռնէր, կը պարէր հետը եթերին մէջ, ու կը շշնջար.
-Կը սիրեմ քեզ, շատ կը սիրեմ…
Այդ շշունջը կը վերածուէր բողոքի, ցասումի.
-Պատերա՛զմ, ես կատե՛մ քեզ, կատե՛մ քեզ, կ’ատե՛մ…