Քառասուն տարի
ի΄նչ որ ըրաւ
Եղիսաբէթ չյաջողեցաւ:
Նազարէթ
սա մէկ թուականը
միտքը պահել
չկրցաւ ու չկրցաւ…
Նազարէթ
երկու ականջ ունէր.
հետեւաբար
Եղիսաբէթին ըսածը,
մէկ ականջէն կը մտնէր,
միւս ականջէն դո΄ւրս կ’ելլէր…
Եղիսաբէթ
ամեն անգամ
եթէ իր տարեդարձին օրը չյուշէր,
Նազարէթ
Եղիսաբէթին տարեդարձը
անկարելի էր որ յիշէր…
Ինք նոյնիսկ
ի΄ր տարեդարձին օրը չէր յիշեր:
Նազարէթին գլուխը
ուսերուն վրայ չէր գտնուեր:
Այս իրողութիւնը գաղտնիք չէր.
ամեն մարդ շատոնց գիտէր,
մինչ Եղիսաբէթ
որպէս այրած սրտի մխիթարանք
կը հաստատէր`
թէ կարեւորը
մարդուս սի΄րտն էր…
Նազարէթ
մե՛ծ սիրտ մը ունէր,
իսկ եթէ
գլո΄ւխն ալ
ուսերուն վրայ ըլլար,
այն ժամանակ
Եղիսաբէթ անշուշտ
թագուհի΄ կը դառնար:
Ինք թագուհի
իսկ իր Նազարէթը թագաւոր…
– Ախ, Նազարէթ ախ…
Վախ, Եղիսաբէթ վախ…