ամեն առտու
ժամը իննին`
կէսօ΄ր եղաւ
կ’ըսէր Մարտիրոս
ամեն կէսօր
ժամը տասներկուքին`
օրը վերջացա΄ւ
իսկ կէսօրէ ետք
Մարտիրոս կը սպասէր
որ գիշեր ըլլար
ու անկողին մտնէր
Մարտիրոս ունէր
տուն մը`ոչ շատ մեծոչ ալ պզտիկ
եւ կեանք մը`ոչ շատ մեծոչ ալ պզտիկ
ու ցաւեր`երբեմն շատ մեծերբեմն ալ պզտիկ
երբ տունէն
դուրս կ’ելլէր
Մարտիրոս
միշտ կը կարծէր
թէ բան մը մոռցած էր
նոյնիսկ եթէ
բան մը մոռցած չէր
երբ բոլորը
ներս մտան
դո΄ւրս ելաւ
դուրս ելան
նե΄րս մտաւ
դուրս կամ ներս
Մարտիրոսին կեանքը
մի΄շտ կապուած էր
բոլորին հետ
սկիզբը
բոլորին
այո΄ կ’ըսէր
ասոր` այո
անոր` այո
սակայն օր մը
բարեբախտաբար
այոները վերջացան
մնաց ոչը
հետեւաբար
ո΄չ ըսաւ
ասոր` ոչ
անոր` ոչ
դժբախտաբար
ոչերն ալ վերջացան
մնաց ոչինչը
ու ապրեցաւ
ոչինչով
ո΄չ անտարբեր
այլ բոլորէն
տարբե΄ր
մէյ մը
աջ նայեցաւ
մէյ մըն ալ
ձախ
ու հասկցաւ
թէ միս մինակ էր
աս աշխարհին վրայ
փնտռեց Մարտիրոս
եօթը սխալներըպատկերախաղին
գտաւ Մարտիրոս
եօթը սխալներըեւ միւսներըթէ΄ պատկերին թէ΄ խաղին
խելացին մինչեւ որոշէր
կամուրջէն անցնէ՞ր
թէ չանցնէր
խելառը արդէն
անցեր էր
իսկ Մարտիրոս
կը մտածէր
թէ սա խելառին անցած կամուրջը
որ խելացին չանցնիլ նախընտրեց
արդեօք ո՞ւր կը գտնուէր
շուրջը նայեցաւ
ու զարմացաւ
ապա
զարմացաւ
թէ ինք ինչո՞ւ
տակաւին կը զարմանար
մէկիկ մէկիկ մազերը փետեց
ապա նստաւ
հանգիստ
գլուխը քերեց
մէկը գնաց
դէպի աջ
միւսը գնաց
դէպի ձախ
շատ գացին
քիչ մըն ալ գացին
եւ վերջապէս
հասան հոն
ուր նստած էր
ասո΄ր նայեցաւ
ու հասկցաւի΄նչ ընել
անո΄ր նայեցաւ
ու հասկցաւի΄նչ չընել
ընե՞լ թէ չընել
ընելիքը
ե΄ւ չընելիքը
միշտ գիտէր
խնդաց
քիչ մը
ի΄ր վրան
քիչ մըն ալ
միւսներո΄ւն վրան
քիչ մը խնդաց
տրտում տխուր
տեղը նստաւ
հետը ծնաւ
հետը մեծցաւ
հետը ապրեցաւ
ու չլքեց զինք
բնաւ
միշտ միասին
եւ այն ցաւը
հաւատարիմ
որ
աչքերը փակ
կը նստէր Մարտիրոս
սակայն ինք կը տեսնէր
ամեն բան`
անցեալը ներկան
ու ապագան
լուռ կը նստէր Մարտիրոս
ո΄չ կը գանգատէր
ոչ ալ կը խրատէր
քանի գիտէր
թէ ո΄չ գանգատը
տեղ կը հասնէր
ոչ ալ խրատը
լուռ ու տխուր
եւ երբեմն
օ՛ֆ կ’ըսէր
Մարտիրոս նստած
կը սպասէր
անսպասելիին
Մարտիրոսին համար
անսպասելին
սպասելի էր
չհասկցաւ
ի՞նք դէպի
պատուհասը կը քալէր
թէ պատուհասը
զինք կը հետապնդէր
սեւ օրեր
տեսած ու ապրած էր
պատուհասներ
պատերազմներ
ահուվախը
վախճան չունէր
կը շարունակուէր
սակայն իրեն համար
կեանքը քաղցր էր
եւ ինք
սա կեանքէն
դիւրին դիւրին
հեռացողը չէր
երբ խաւարը տիրեց
մէկիկ մէկիկ
աստղերը համրեց
ու
առեւանգուած արեւածագին սպասեց
երկար ապրիլ
որոշեց Մարտիրոս
որ բոլորին վկայէր
թէ վերջը
լա΄ւ պիտի ըլլար
վերջը
անշո΄ւշտ
լաւ պիտի ըլլար
միայն
ինք
մինչեւ վերջը
արդեօք պիտի դիմանա՞ր
աչքերը փակ նստած
լուռ ու տխուր կը սպասէր
անկողին մտնէր
չիրականացած
իր երազը ապրէր
անահիտ2020