Օտարեալ

Օտարեալ կըանք մը կ՚ապրիմ ես։ Օտարեալ կեանք մը կ՚ապրիս դուն։ Օտարում, aliénation կ՚ապրինք մենք. օտարած ենք ամեն մէկս իր անհատական գոյութենէն, կարելիութիւններէն։ Բոլորս հաւաքաբար օտարած ենք մեր հաւաքական կացութենէն։ Թակարդի մէջ բռնուածի պէս, բռնուած Ձուլումի եւ պահպանումի միթոսներուն, երեւակայական ստորոգութիւններուն միջեւ։