Քու աստղդ բարձր է։ Խօսք մը, որ կը նշանակէ միշտ բախտաւոր ես, բախտդ կը բանի, բախտդ միշտ բաց է։

Խօսքը առնուած է Տիրայր Ֆրունճեանի «Հազար ու մէկ բառ ու բան հայոց խօսից բարբառէն» գիրքէն (Պէյրութ, 1970), էջ 18։ Նայիրի-ն թուայնացուցած է։

Ետեւի նկարը առնուած է գիրքի մը ներքին կողքէն։ Հին գիրքերը այսպէս ներքին կողքեր ունէին, չկայ այս գործածութիւնը այլեւս, բայց հիները ձեւաւորումի նիւթ կու տան։