
Թարգմանիչներու օրը կը տօնենք դպրոցականներու թարգմանութիւններու շարք մը սկսելով։ Հալէպի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչ Երան Զէյթունցեանին հետ ըրած են աղուոր աշխատանք մը՝ աշակերտներ ընտրած են իրենց սիրելի անգլերէն կամ արաբերէն նախադասութիւններ եւ թարգմանած են հայերէնի։❤️