Ազգ

Ազգ
Կռուէ ամողջութեամբը քու միսերուդ։
Եթէ միսերդ ինկան պատառ-պատառ,
կռուէ դնդերներովդ, ջիղերովդ, երակներովդ։
Եթէ պայքարը զանոնք լափեց
կռուէ ոսկորներովդ։
Եթէ ոսկորներովդ փշրուեցան, կռուէ ծուծովդ։
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններովդ։
Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան,
չքացան, այն ատեն կռուէ, ազգ,
Հերոսովդ։