Ապա

Ապա ելաւ տեղէն, յամրաքայլ մօտեցաւ գրասեղանին, աթոռ մ՚առաւ ու նստաւ, թեւը գրասեղանին, իսկ գլուխը ձեռքին վրայ դրաւ, գոցեց աչքերը, հառաչանք բղխեց հոգիէն, գրիչն առաւ ու գրեց՝ «Վերջին անգամ կրնամ տակաւին իբրեւ սիրահարի հետդ խօսիլ…»