Հօրս

Հօրս հայրը շինել տուաւ ասիկա։ Ինք հող եղաւ։ Հայր հող եղաւ։ Հօրեղբայր հող եղաւ։ Այս հողով, այս քարով շինեցին։ Թող փլի։ Ինք աք նորէն քար ըլլայ, հող ըլլայ։ Ասանկ թող մնայ, թող փլի։ Բայց պիտի չփլի։ Պիտի մնայ, մինչեւ աշխարհին վերջը պիտի մնայ։ Հազար տարի ետք ալ հոս եկողը, հիմերը պիտի տեսնէ, նայէ հոս ոտւն մը կայ եղեր, պիտի ըսէ, մարդիկ ապրեր են, պիտի ըսէ, պատին մէջ ծխնելոյզի ծակը պիտի տեսնէ, մեծմօրս վառած փայտին մուրը սրբէ մատներովը։ Ասիկա բուրգ չէ, մրջիւնի բոյն մըն է։