«աղուոր բաներ»ը աղուոր բաներ են։ Այստեղ կրնաք ամէն օր աղուոր բանի մը հանդիպիլ։ Բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը, վիտէօ մը, եւ ուրիշ շատ աղուոր բաներ։ Մէկ խօսքով, ձեր առօրեան պիտի լեցուի աղուոր բաներով։
Պիտի տեսնէք, որ մինակ չէք, ուրիշ շատ շատ մարդիկ կան, որոնք եկած են նոյն աղուոր տեղը, իրարու հետ աղուոր բաներ տեսնելու, կարդալու, լսելու եւ ընելու։ Պիտի տեսնէք ինչպէս «աղուոր բաներ»ը, ձեր օգնութեամբ եւ ձեր ներդրումներով պիտի մեծնայ ու ալ աւելի աղուորնայ։ Ինչ որ ղրկէք մեզի, պայմանաւ որ իսկապէս աղուոր ըլլայ, պիտի տեղ գտնէ այս էջերուն վրայ։ Ասոնց համար հիմակուընէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Մի մոռնաք, որ աղուորը աղուոր է միայն աղուոր անձերու հետ միասին։