«Հիմա, հեռո’ւ իրարմէ‘ միայն անո’ւնդ ունիմ
Բերնիս վրայ, համբոյրի մը պէս աննիւթ եւ անոյշ…
Գիշեր ատեն, սենեակիս մենութեան մէջ մտերիմ,
Ես զայն կ’ըսեմ եւ ահա‘ քեզ կը տեսնեմ քաղցրայուշ,
Հիմա, հեռո’ւ իրարմէ‘ միայն անո’ւնդ ունիմ…:»
– Վահան Թէքէեան, «Անունդ», 1914