տէր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ:
ես կը տնկեմ զայն ահա
փխրուն եւ սեւ հողին մէջ ուր
պապերըս կը պառկին.
ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին
տէրն եմ կրկին,
ու արեւուն տակ կ՛աճիմ՝ անունն
իրենց շուրթիս վրայ:

պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր
բազուկներն ու հոգին,
գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ
շունչը անմահ.
տէ՛ր, միսմինակ, նազելի, այս
ծառն աղօթք մը ըլլայ
ո՜ւ փաթթըւիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին:

երկաթագիր պատութիւնն այս մըտերիմ հողերուն
աչքիս արցունք կը բերէ… փառք ու մեռել շատ ունի
երկիրն իմ հին, ալեւոր՝ որուն ես թոռն եմ վայրի,
խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն:

մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի:

 

«Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ», 1924

եւ ոչ ոք
Լոյսն աղուոր է
ոչինչ կրնար
լոյս օրերու…