Սեպտեմբեր 1, 2019։ Կը մահանայ Ատիս Հարմանտեան, սփիւռքահայ մեծ երգիչը։ Ատիս Հարմանտեան տասնամեակներ շարունակ երգած է հայերէն սփիւռքի մէջ։ Անոր եգերը ընդհանրապէս կը գործածեն արեւելահայերէն բառեր եւ շարահիւսութիւն։ Սակայն ինք արեւմտահայ մըն է իր ամէն ինչով, հնչիւններով, կենցաղով, եւ մանաւանդ արեւելահայերէն երգերով։ Ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ արդէն ձեւով մը Հայաստանը ընդունած է կենդրոն, եւ որոշած է ազդուիլ, մանաւանդ երգի ու պարի մէջ։ Բայց եւ սակայն, Ատիսի երգերուն մէջ մի կը գտնենք արեւմտահայ պատառիկներ, որոնք կը մնան ու կը շարունակեն այրիլ, ինչպէս պեյրութցիի մը քեպապին ածուխները կը շարունակեն այրիլ Կիրակի օրերը, ճաշեն տակաւին ժամեր ետք։
Է՜հ Ատիս։ Պիտ մոռնանք քո ձայնը, պիտ մոռնանք քո երգը, պիտ մոռնանք մեր կեանքը։
«Կարծելով որ զիս կը սիրես, իմ անցեալը պատմեցի… բայց ի՞նչ օգուտ։ Ես զղջացի։»