դժոխքը կրակներու մէջ է կ’ըսեն
մենք կրակը տաքնալու
կերակուր եփելու
եւ արդուկելու համար կը դնենք

կ’ըսեն թէ բոլոր մեղաւորները
դժոխք պիտի երթան
սուտ է
դրացի ընկերս սարգիս
թռուցիկս պատռելէն ի վեր
բնաւ մեր տունը չեկաւ

դժոխքը վերն է կ’ըսեն
սուտ է
երկնքի մէջ բան չկայ
երբեմն արեւ եւ ամպ
եւ գիշերներն ալ երբեմն
լուսին եւ աստղեր կ’երեւնան

սուտ են
ամէնքն ալ սուտ կը խօսին
ես մինակ մամայիս խօսքին կը հաւատամ
մամաս բնաւ սուտ չի խօսիր
եւ ամէն օր խօսք մը կ’ընէ
ԴԺՈԽՔԸ ՄԵՐ ՏՈՒՆՆ Է ՏՂԱՍ

Կարպիս Ճանճիկեան

Նամակ
եւ ոչ ոք
Պէյրութ Փարիզ
Ամառնաբորբ