«Ուրախութիւնը պայմանն է համարձակութեան։ Թէեւ իմ ուրախութիւնս դեռ այն չէ որ կամքը բոլորովին ազատած ըլլայ տխրութիւն յարուցող ձախողանքներէն։ Գիտե՞ս, ժպտիլ սորվեցայ։ Անդադար կը կատակեմ Սրբուհիին հետ եւ ատիկա ինծի կու տայ այն տպաւորութիւնը, որ սպասուածը յանկարծ ինքնին պիտի կատարուի, ինչպէս մօրը արգանդին մէջ երեխան կը սկսի աքացիի հարուածներ տալ, երբ վախճանը մօտեցած է։»
-Որբունի, «Եւ եղեւ մարդ», 1964։