Loading

Ես Թալին Պալճը Իչն եմ։ Մանկութեան եւ երիտասարդութեան շրջաններս Պոլսոյ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ անցած են։ Քուրթուլուշը մեզի համար, այսինքն Պոլսահայերուս համար, շատ կարեւոր թաղերէն մէկն է։ Այդ կարեւորութիւնը մանաւանդ Զատկի ու Կաղանդի պէս յատուկ օրերուն շատ աւելի լաւ կրնաք զգալ։ Տունէն մէյմը կ’ելլէք, ամէն տեղ Զատիկի չէօրէկ կը հոտի։ Երբ Զատիկը կը մօտենայ, արդեն ամէն մարդ աճապարանքի մը կ՚ենթարկուի։ Հինէն մենք տունը փուռ չ՚ունէինք ու պարտաւոր էինք մեր տանը մէջ շաղած չէօրէկի խմորը փուռեր տանելու։ Բայց 15 տարեկանէս ի վեր, ես չէօրէկս տունը կը պատրաստեմ եւ ազգականներուն ու դրացիներուն կը բաժնեմ։

Կաթի խմիչք