Այս գործին մէջ նշուած կինը բանաստեղծին մայրն է։ Այսօր ալ, Պոլսոյ պազառներուն մէջ, օրուան վերջին ժամերուն աղքատները կը պտտին ու թափուելու ձգուած պտուղներն ու բանջարեղենները կը հաւաքեն…
«Հիմա
կին մը
կը սպասէ իր
գործազուրկ ամուսնին
հիմա
բոցը թղթի կտորներու
տօնավաճառի մայթերուն վրայ
թափած թերթերը կաղամբի
պիտի ճաշի վերածէ
եւ հացի դանակը սեղանին վրայ
հա՜ց հա՜ց հա՜ց
կը սպասէ։»
– Հայկազուն Գալուստեան, «Իրիկունը», 1948: