Աշխարհիս վրայ ամենէն երջանիկ, բախտաւոր մարդը ո՞վ է տէյի հարցնելու ըլլաք նէ, հիչ չի խորհելէն «շիրին ծնող մարդն է» կ՚ըսեմ։ Սանկ մէյ մը էթրաֆնիդ նայեցէք։ Կեանքերնուն մէջ յաջողած մարդիկը, միմիայն խնդումներես, շիրին մարդիկներ են։ Ասիկա շինծու չի կրնար ըլլալ, ծնունդէն է ծնունդէն։
Յաջողելու համար խնդումներես, շիրին ըլլալ շարթ է։Սոթոմ-գոմոր սուրաթլը ըլլաս նէ, հիչ չես սիրուիր, չես փնտռուիր, մէկ խօսքով չես ուզուիր։ Կտնուաղծ մէճլիսէթ կը փախչին պիլէ, երեսդ չեն նայիր։ Կնիկէդ, զաւակներէդ պիլէմ չես սիրուիր։ Ամա խնդումերես, շիրին էղար մի, ամէն մարդ կը սիրէ, կը յարգէ քեզի։ Գործերդ կը տեսնուին։ Իթիպար, քրէտի կ՚ունենաս ամէն տեղ։
Լուցիքա Տուտու (Յակոբ Այվազ), «Տոքթորիս Գիրքը», 1972 (Առնուած՝ «Լուցիքա Տուտո», Յակոբ Այվազ, Արաս Հրատարակչատուն, 2001, Ստանպուլ)