«Ես երբեմն կը փորձեմ փոփոխութիւններ ընել այս միօրինակ կեանքին մէջ։ Ետ կը դառնամ. կը քալեմ, կը քալե՜մ, կը քալեմ շոգեկառքի ճամբորդներուն ետեւէն։ Շոգեկառքի ճամբորդները կը ցրուին հետզհետէ։ Խանութները կը մտնեն, փողոցներու մէջ կը կորսուին, դպրոցներու դռներէն կը մտնեն ու կը կորսուին։ Ես կը քալեմ շոգեկառքի ճամբորդներուն ետեւէն, մինչեւ որ միակ ճամբորդ մը մնայ։
Այս միակ ճամբորդը կապոյտ աչքեր ունի եւ անութին տակ գիրքեր բռնած է։
Ես կը քալեմ, կը քալե՜մ, կը քալեմ շոգեկառքին վերջին ճամբորդին ետեւէն։ Հարիւր վէպ կ՚ապրիմ, հազա՜ր վէպ կ՚ապրիմ երբեմն այդ շոգեկառքին վերջին համբորդին ետեւէն։
Մեր պատմութիւնը միօրինակ է։ Մեր պատմութիւնը տխուր է ու նեղացուցիչ։ Թող չկարդան այս պատմութիւնը բոլոր անոնք, որոնք չեն սիրած։ Թող չկարդան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սիրոյ կշտացած են։»
– Երուանդ Կոպէլեան, «Սիրելու, սիրուելու եւ աննպատակ թափառելու մասին», 1950