Սիրանոյշի (1857 Պոլիս – 1932 Գահիրէ) մասին Գրիգոր Զոհրապի խօսքը՝
Տիկին Սիրանոյշ ամեն յատկութիւն ունի արժանաւոր թարգմանը ըլլալու Տիւմայի այս գեղեցիկ գործին։ Իր արուեստին չափ զգացում ունի, ինչ որ անհրաժեշտ է Մարկրիթի դերին համար։ Քաջ կը խօսի հայերէնը, բան մը որ քիչ քիչ պակսելու վրայ է մեր դերասաններէն շատերուն. իսկ ինչ որ աւելին է, խօսիլ գիտէ Տիկին Սիրանոյշ սիրոյ լեզուն: (1892)