«Երբեք չէի համարեր որ ուժէս վեր է այդ պայքարը եւ նահանջելու ոեւէ գաղափար չունէի։ Կը պայքարէի տնեցիներուն դէմ, դպրոցին դէմ, իմ տարեկիցներուս դէմ, անդուլ անդադար։ Երբեմն ժամանակաւոր յաղթանակ մը կը տանէի, բայց շատ աւելի յաճախ կը պարտուէի։ Բայց այդ պարտութիւնները ոչ ինձ կը դառնացնէին եւ ոչ ալ կը յուսահատեցնէին։ Պարտութիւնը կը մարսէի, կը չէզոքացնէի, անմիջապէս ընդունելով որ պարտուած եմ եւ կը վերսկսէի նոր պայքարի։ Այդ էր իմ կեանքի անհրաժեշտութիւնը եւ այդպէս ալ մնաց մեծնալէս յետոյ իմ կեանքի բոլոր շրջաններուն, տարբեր պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ։»

-Զապէլ Եսայեան, «Սիլիհտարի պարտէզները», 1935

ոչինչ կրնար
Արեւ ըլլամ
Սիրոյ լեզուն
Զանակ