Հակառակ անձրեւոտ օդին, գիշերուան ճաշէն ետք նորէն գացի թափառելու իմ մութ փողոցներուս մէջ… Քովնտի մութ գռիհ մը նշմարեցի, երկու կողմէն դեղին պատերով շրջապատուած։ Քայլերս ուղղեցի դէպի հոն, առանց գիտնալու թէ դէպի ո՛ւր պիտի տանէր։ Բաւական քալելէ յետոյ, պատերէն մէկը յանկարծ վերջ գտաւ, եւ առջեւս տեսայ ընդարձակ տարածութիւն մը, որուն մէկ անկիւնէն պզտիկ սրճատուն մը կ՚երեւէր։

Մատթէոս Զարիֆեան, «Օրագրութեան էջեր»

Գիշերագեղ
Հոյամողէզ
Կեանքին մէջ բաժանում ալ կայ
սուսիկ ժպիտներ