Ինչ որ կը խորհիս ճամբուն ընթացքին
ինչ որ կը տեսնես
Ինչ կեանք որ կ՛ապրիս այս կեանքէն անդին
ինչ որ հոն ունիս
Ինչ որ յուսացիր թէ քեզ կը սպասէր
… ինչ որ քեզ կանչեց
Իսկ ինչ որ գտար- ինչ որ սիրեցիր
ինչ որ ուզեցիր
Եւ ինչ որ մնաց քեզի այս աղուոր
Ճամբորդութենէն
Ինչ որ չուզեցիր ոչ իսկ քեզ պատմել
մոռնալու վախէն
Այն որ տակաւին հարցումի մը պէս
հետդ կը տանիս

Զահրատ

Ողոք
Ինչո՞ւ աղուոր ես
Պիտի գոռամ
Դու տէր ես