Արեւմտահայերէն գրականութիւն

Կտաւներու ծրագիր մը գրական մէջբերումներու համար։ Երբեմն հանրայայտ հեղինակներէ, երբեմն չլսուած ու մոռցուած անուններէ, բայց միշտ աղուոր մէջբերումներ։ Մանաւանդ կին գրողներ, ապրող գրողներ, յատկապէս սփիւռքահայ գրողներ, բայց միշտ արեւմտահայերէն գրուած մէջբերումներ։