Պզտիկ ծրագիր մը աշխարհի բոլոր աշխատողներու իրաւունքներուն համար։ Աշխատանքը ինքնին անվերջ պայքար մըն է իրաւունքի համար, անարդարութիւնը եւ չարաշահումը կարելի է օր մը վերջացնել։ Մենք ալ կաթիլ մը ըլլանք իրաւունքներու պայքարի ովկեանոսին մէջ։ Նաեւ ի միտի ունենալով, որ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ աշխատողներուն իրաւունքները յաճախ անտեսուած են, «վարձքդ կատար» կ՚ըսենք կ՚անցնինք առանց իսկապէս մտածելու որ դիմացինը իրաւունքով վարձատրուած է, թէ ոչ։ Ուրեմն այս պայքարը որքան որ համաշխարհային է, նոյնքան տեղական է։