ի վերջոյ

Loading

քալէ΄
կ’ըսեն
ու կը քալէ
ամբոխը անփոփոխ
առանց քեզի

անցեալդ
ոտքիդ շղթայուած
ներկադ
ոտքիդ տակ օտարացած
մաշած քայլերով
կը շարունակես
փնտռել ճամբադ
անհետ կորսուած

ու կը քալես
առանձին
տատանելով
տատամսելով
թէ ո՞րն է իրաւ
սա կեա՞նքդ
ցնորական
թէ երազդ
եթերական

ապրիմ
մեռնիմ
ապրիմ
մեռնիմ
ականջիդ փսփսացին
թերթիկները մարգարտածաղիկին

հոգս է
հոգս չէ
հոգս է
հոգս չէ΄ շշնջեց
թերթիկը վերջին
մարգարտածաղիկին
ու յանձնուեցաւ
հովին

կը փակես աչքերդ
տեսնելու գեղեցիկը
կը խցկես ականջներդ
լսելու գեղեցիկը

կը ծորիս
կը հոսիս
մէջը գեղեցիկին
կը ծիւրիս
կը հիւծիս
հետը գեղեցիկին

ու մէկիկ մէկիկ
կը ջնջես
տողերդ գրած
այն յոյսով որ
անոնք`
տողերդ ջնջած
կը հասնին հոն
ուր չհասան
տողերդ գրած

հոգս է
հոգս չէ
հոգս է
հոգս չէ΄ մրմնջեցիր
մարգարտածաղիկին
ու վերջին թերթիկին հետ միասին
յանձնուեցաք
հովին

քալէ΄
ըսին
ու քալեց
ամբոխը անփոփոխ
կոխկռտելով
մարգարտածաղիկները
փխրուն կեանքին

ի վերջոյ
սուս ու փուս
մեկնեցար
հաւատալով
թէ ոտնահետքէդ
պիտի ծլին
մատղաշ
մարգարտածաղիկներ

գծանկար՝ արեւիկ