Յարութին ետեւը Վահանն էր. Վահանին ետեւն ալ ես էի: Սա տղան արհամարհեցի քիչ մը. սկիզբէն ի վեր միասին ենք երեքս եւ սակայն որեւէ մէկ տեղեկութիւն տուի իր մասին:
Իմ հասակիս մօտ, նիհար, ոչ շատ, ինձմէ աւելի ծանր վստահ: Տարօրինակ ձեւով, մօրուքը արդեն խիտ. մաշկը չէր երեւեր տակէն, աղուոր ձեւաւորուած: Մազը կարճ, մէկ երկու մատի երկարութեամբ, սրճագոյն. աչքերը նոյնպէս: Հակառակ իր մեծ քիթին եւ խոշոր ականջներուն, տգեղ մէկը չէր: Հաւասարակշռութիւն մը պահպանուած էր երեսի մասերուն միջեւ: Մոխրագոյն կօշիկներ, սեւ շորթ, կանանչ թիշըրդ: Արարողութեան վերջաւորութեան ատեն պարզ ընկերուհի մը տեսանք. երեքս ալ ծանօթ էինք իրեն, քանի որ երկու տարի առաջ նոյն դպրոցին մէջն էինք: Նարինէն մէկ տարի մեծ էր մեզմէ:
-Բարեւ ինչպէ՞ս ես:
-Լաւ եմ, դո՞ւք:
-Մենք ալ: Նէա Զմիռնի պիտի գա՞ս:
-Կարծեմ:
-Շատ լաւ ուրեմն, հոն կը տեսնուինք:
Ի՞նչ կը կարծես, արդեօ՞ք պիտի հանդուրժէինք:
»Ի՞նչ կը կարծես, արդեօ՞ք պիտի հանդուրժէինք:
»Ամէն տարի, միջնակարգէն սկսեալ, օրհնութենէն վերջ Նէա Զմիռնի կ՚երթանք. բնակարանիս թաղամասը: Ութսուն հազար հոգինոց թաղամաս, պզտիկ քաղաք մը կրնայինք ըսել. միայն թէ խտացած, բաւական խտացած: Աթէնքի հարաւը, ծովուն մօտ: Նէա Զմիռնի. արդեօ՞ք բան մը կը յիշեցնէ ձեզի: Անշուշտ կը յիշեցնէ եւ ճիշտ էք: Թրքական Իզմիր քաղաքը կայ. որ ժամանակին Զմիւռնիա էր անունը: Ուրեմն քսանական թուականներու շուրջ գաղթը կայ դէպի Յունաստան, մանաւանդ 1922ի Զմիւռնիոյ աղէտէն վերջ. փախստականներ կամաց կամաց հասած են Աթէնք եւ փորձած համախմբուիլ: Մեծ մասը իրենցմէ հոս հաստատուած են եւ Նոր Զմիռնի հիմնած:
Նէա Զմիռնի բայց մենք ըսելով, նկատի ունէինք նշանաւոր հրապարակը, եւ ոչ թաղամասը: Անցայ այս առտու հոնտեղէն բայց կանուխ էր դեռ. ամբողջական պարապութիւն կը տիրէր: Հիմա երեքս պիտի վերադառնայինք մինչեւ սկսած կայարանս: «Պակնանա» հասնելէն առաջ, ճիշտ դիմացը «Դարադադրամ» անունով ուզէրի մը որ հիմա կը բացուէր կարծես: Քանի մը կլոր սեղան, աթոռ դուրսի կողմէն, ապակիէ դրան առջեւ. կին մը մաքրող, ներսը կ՚աշխատէր:
-Օր մը իրիկուայ ատենները կրնանք հոս գալ, նստիլ, բան մը խմել:
-Իրաւունք ունիս, հետաքրքրական խանութ կ՚երեւի:
Նորութիւն մըն էր. հազիւ մէկ երկու անգամ տեսած ըլլայինք, հակառակ որ տարիներով կ՚անցնինք այս ճամբայէն, ամէն օր գրեթէ: Փողոցի դիմացի կողմը անցանք. հասանք, պաստառը հինգ վայրկեան կը գրէ այս անգամ: Օդը տաքնալու սկսած էր. արեւու ճառագայթները այլեւս չէին կրնար պահուըտիլ շէնքերու ետեւը: Սեպտեմբերեան մեր եղանակը միշտ այսպէս եղած էր, շարունակութիւնը ամրան: Անցք մը դէպի աշուն, որ շատ գէշ չ՚ըլլայ լքումը. պէտք էր որ փոփոխութիւնը կամաց կամաց գայ: Երեւակայէ մէկ անգամէն, ամառէն ձմեռ անցնէինք: Ի՞նչ կը կարծես, արդեօ՞ք պիտի հանդուրժէինք: Բարեբախտաբար մեր տարուայ չորս եղանակները, սահուն չեն, ինչպէս որ են մեր թշուառ կեանքերը: Ձիւնը կը հալի, աստիճանի փոքր զարգացումի պատճառաւ. մաշկը կը մաշի, թթուածինի ու մարմնի յարաբերութեան պատճառաւ: Մարդիկ պիտի խենթանային հաւանաբար, եթէ մեծ փոփոխութիւն մը արագ ըլլար, պատահաբար: Պառկէիր գիշերը երիտասարդ ու աղուոր, արթննայիր առտուն յաջորդ, ծեր, մօրուքաւոր: Պառկէիր գիշերը լուսաւոր ու փայլուն, արթննայիր առտուն յաջորդ, մութ եւ անքուն: