Շարքերո՛ւ մտէք

 

Loading

Կեդրոնական դուռը կ՚երեւի. շէնքերը մաշկի գոյնով ներկուած են: Մէկ, երկու աստիճան վար եւ կը մտնանք ներս. կը հետեւինք միւսներուն, առաջին անգամն է որ հոս կը գտնուինք: Մեծ, լայն տարածութիւն մը, ուր կողովագնդակի դաշտ մըն ալ կայ. տարօրինակ սակայն: Սակառներէն զատ ուրիշ ոչինչ կար: Դաշտի եւ բակի գոյնը չէիր կրնար զատորոշել. երեք նիշի եւ դաշտը կիսող գիծերը չկային:

Աջ կողմս մարմարէ, լայն նրբանցք մը, որը կը տանէր դէպի քովի շէնքը. եւ ճիշտ ասած շէնքերու բաժանում չէր, այլ տարածութեան: Մեր եւ քովի տարածութիւնները, խոշոր, կանանչ, մետաղէ դուռ մը կը բաժներ, որու մէջէն սակայն կրնայիր տեսնել որովհետեւ ձողերը բարակ էին: Երկու երեք քայլ ըրինք բակի կեդրոնը հասնելու համար: Տաս տասնհինգ մեթր ետեւ դասարաններ կային, որոնց պատուհաններու մէջէն կրնայի աթոռներ եւ գրասեղաններ նշմարել: Նրբանցքէն վեր պատշգամ մը, կանանչ, մետաղէ ձողերով պաշտպանուած: Բակի տարածութիւնը հսկայ մայթի մը պէս էր. այսինքն մայթը որուն վրայ կը քալէի տաս վայրկեան առաջ, տակս տեղափոխուած ըլլար կարծես, այդ իր տգեղ մոխրագոյնով: Մարդիկ մեզմէ վերջ կը շարունակէին մտնալ դեռ. բակը կը լեցուէր կամաց կամաց: Խոշոր մարդ մը, իր յիսունականներուն մօտ, կլոր փորով, իր բարձր հասակով կը տարբերուէր ժողովուրդին մէջէն. վստահ ուսուցիչ ըլլալու էր: Տէր Հայր մըն ալ մտաւ ու մօտեցաւ բարձրահասակ մարդուն. սկսան խօսիլ: Տարիքոտ ըլլալու չէր. քանի մը ճերմակ մազ կրնայիր նշմարել մօրուքին կամ մազին վրայ: Ինքն ալ անսովոր ըլլալու էր. մեծամասնութիւնը իրենց երկար մազով, մօրուքով են: Սակայն ինքը սեւ, երկար սքեմ, մինչեւ յատակ հասնող, ոսկէ խաչ մը վիզէն կախուած, կարճ մազ եւ կարճ մօրուք:

-Շարքերո՛ւ մտէք, բարձրահասակ խոշոր մարդը ըսաւ:

Ուսուցիչները սկսան օգնել մեզի ճիշտ տեղը կենալու համար: Երեքս, մեր տարիքի տղոց միջեւ տեղաւորուեցանք:

-Բարի եկած էք, նոր տարեշրջանի մը. վստահութեամբ կրնամ ըսել որ անծանօթ մէկն եմ ձեզի համար, սակայն մի նեղուիք, շուտով կը ծանօթանանք, մօտիկ ընկերներ կը դառնանք:

«

Լռութիւն տիրեց ի վերջոյ, վախցանք կարծես թէ։

»
«

Լռութիւն տիրեց ի վերջոյ, վախցանք կարծես թէ։

»

Իսկ մեզի հարցուցի՞ր այ մարդ, կ՚ուզե՞նք հետդ ընկերանալ, չե՞նք ուզեր:

-Կը յուսամ որ մեր միջեւ խնդիրներ պիտի չյառաջանան. ձեզի յաջող եւ ուրախ տարեշրջան մը կը մաղթեմ:
Մարդու ձայնը իր հասակին համեմատ էր. ծանր ու հաստ: Շատ մեծ յոյսեր ունէր ըստ երեւոյթին մեր բարեկամութեան շուրջ սակայն խնդիրները արդեն կը սկսէին: Քիչ մը դժուար է այս թիւով երիտասարդներ մէկ անգամէն հանդարտեցնել. մարդիկ աջ ու ձախէն կը խօսէին տակաւին:

-Խնդրեմ լռութիւն:
Հոգերնին չէր բայց. կը շարունակէին: Արտայայտութիւնը փոխուեցաւ. սկսաւ բարկանալ:

-Դուն, հոն, կարմիր շապիկով:
Բոլորը տղուն կողմը դարձան:

-Ո՞վ, ե՞ս:
-Այո, դուն. ինչո՞ւ կը խօսիս:
-Բայց չեմ խօսիր:
-Եւ կը շարունակես:

Լռութիւն տիրեց ի վերջոյ, վախցանք կարծես թէ, մենք չըլլանք յանկարծ յաջորդ ուշադրութեան կէտը: Լաւ սկսանք: Տէր հայրը վերջապէս, արտօնութիւնը առաւ սկսելու արարողութիւնը: Բաներ մը կ՚ըսէր որ կը զգայի, մեզմէ որեւէ մէկը կարողութիւնը չունէր հասկնալու. ինքն ալ հաւանաբար ադքան արտասանած է այս նոյն բառերը որ այլեւս առանց մտածելու կ՚արտասանէր: Միակ ձայները որ կը լսուէին բուրվառն էր, առջեւ ետեւ, առջեւ ետեւ, քանի մը փսփսուք, մէկ երկու խնդուկ: Ռեհանը թաթխեց օրհնած ջուրին մէջ ու սկսաւ դէպի մեր կողմ թռչել, առանց արտասանութիւնը կեցնելու: Մէկ անգամ ջուր, երկու անգամ ջուր, երեք անգամ ջուր եւ այլեւս ես պիտի սկսէի աղօթելու․ հաճիս վերջանայ այս խայտառակութիւնը:

Մաս կը կազմէ «Վերամուտը» շարքին։