Սթարպաքսին քով սուվլաքիանոց մը կայ, «Սավաս» անունով եւ անոր քով ուրիշ սրճարան մը: Նոյն ուղղութեան վրայ զանազան ուրիշ խանութներ, մինչեւ հրապարակին երկրորդ անկիւնը, որ աղջիկներուն դպրոցն է:
Սթարպաքսին քով սուվլաքիանոց մը կայ, «Սավաս» անունով եւ անոր քով ուրիշ սրճարան մը: Նոյն ուղղութեան վրայ զանազան ուրիշ խանութներ, մինչեւ հրապարակին երկրորդ անկիւնը, որ աղջիկներուն դպրոցն է: Դէպի հոն քալելով, մեր ձախ կողմէն, հրապարակի կեդրոնին կը մօտենանք: Աւազան մը պզտիկ, եւ իր մէջէն հսկայ ուղղանկիւն զուգահեռագիծ արձան մը կը բարձրանայ. եօթը ութը մեթրոնոց: Սակայն նոյնքան անշուք որքան նախորդը. հետաքրքրութիւնս չէր գրաւած: Ու աւազանին առջեւ լայն տարածութիւն մը բացօթեայ, առանց ծառերու ու խանութներու: Հոն է որ յաճախ երեխաներ կը խաղան գնդակներով կամ շուներ կը վազվզեն իրենց տէրերուն կապերէն արձակուած: Բայց հիմա ո՛չ շուներ կան, ո՛չ ալ երեխաներ: Տարածքը երիտասարդները գրաւած են. քանի մը հատը պարզ անցորդներ են, ուրիշներ սուրճերը ձեռքերնին կեցած խօսողներ կամ նստարաններու վրայ հանգչողներ, բերաններուն մէջ ծխախոտեր: Շատեր կան որ ծխելը ճիշտ մեր տարիքին սկսան. լիսէ մտնալէն առաջ կամ մտնալու տարուան ընթացքին: Սակայն մենք մինչեւ հիմա, որեւէ հետաքրքրութեան նշոյլ ցոյց չէինք տուած: Տարօրինակօրէն մեզմէ ո՛չ մէկ ունեցած էր այդ փափաքը։ Շատ հաւանական է որ մէկս միւսիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենալուն պատճառով է, որ անգիտակցաբար չհետաքրքրուեցանք: Ո՞վ գիտէ, եթէ մեզմէ գոնէ մէկը սկսած ըլլար, կը կարենա՞ր արդեօք միւսներուն ալ հետը քաշել: Յաջորդ տարիներուն կը գիտնանք։
քիչ մը անշարժ կեցաւ, գլուխը ցածցուց ու համբուրեց
»քիչ մը անշարժ կեցաւ, գլուխը ցածցուց ու համբուրեց
»Վահանը աղջկայ մը մօտեցաւ կամաց կամաց. ձեռքը դրաւ կոնքին, շուրջէն ակնարկներ հաւաքելով վրան. քիչ մը անշարժ կեցաւ, գլուխը ցածցուց ու համբուրեց: Աղջիկն ալ բնաւ չընդդիմացաւ. կարծես տարիներով ծանօթ ըլլային. ընկերներ անբաժան: Ետ քաշուելու ժամանակ, անդրադարձայ որ իրաւ տարիներու ընկերներ են. ոչ միայն իրենք, այլ նաեւ մենք:
Նայրին է:
Վահանէն վերջ ես ալ պէտք էր բարեւէ:
– Ինչպէ՞ս ես, հարցուց դէմքը մօտեցնելով դէմքիս:
– Լաւ եմ, դու՞ն: Պատասխանեցի երկրորդ պաչիկ մը տալով, հակառակ կողմէն այս անգամ: Ժպտուն ակնարկ մը փոխանակեցինք եւ ուղղուեցաւ դէպի Յարութը:ժ
– Վլաքաքօօ, ըսաւ, ծաղրական իր դէմքը ի յայտ բերելով:
– Խազո՞ւլա։ Ուրախութեամբ ձեռքերը լայն բանալով փաթթուեցան: