հանգուցուած թելեր

Loading

ա

նոր նոր սկսած էր ածիլուիլ Մանուէլ
ամեն առաւօտ
փոքրիկ հայելին
այնպէս կը զետեղէր պատուհանին
որ ցոլքին մէջէն
կարենար տեսնել
ու դիտել դէմքը լուսեղէն
յոյն դրացուհիին՝ Էֆրոնիային

 

Էֆրոնիան Մանուէլին նուիրեց
երկու որբուկ
ապա անհետացաւ
փոքրիկ հայելիին ցոլքէն

 

շուտով ամուսնացուցին Մանուէլը
որ երկու փոքրիկ որբուկները
մէջտեղ չմնային

 

եւ ամբողջ կեանք մը
ամեն առաւօտ
փոքրիկ հայելիին առջեւ
ածիլուելէ ետք
կը բանար Մանուէլ
առաջին էջը իր Աստուածաշունչին
ուր զետեղած էր
միա՛կ լուսանկարը Էֆրոնիային
կը դիտէր լուսեղէն դէմքը անոր
ապա կը կարդար
իր Աստուածաշունչը
սկսելու համար
ծով աղքատութեան մէջ
ծփացող օրը
խե՜ղճ Զապէլ նէնէիս հետ

բ

ջուլհակ էր Մանուէլ

անշուշտ

սնանկացած ջուլհակ

քանի մը գոյն թելերով՝

դժգոյն դեղին կարմիր ու կանաչ

մէջկապ կը հիւսէր

 

Էֆրոնիան՝

մեծ սէրը Մանուէլին

իրեն պարգեւած էր

երկու որբուկ

ապա Մանուէլ

անդարմանելի վիշտով

յանձնած էր Էֆրոնիան գերեզմանին

ու մոռցած

փակելու գերեզմանը

 

շուտով ամուսնացուցին

երիտասարդ Մանուէլը

ու Զապէլը

երկու որբուկներուն

մայր դարձուցին

 

միայն մէկ բառ սորված էր Զապէլ՝

բարութիւն

ու այդ գիտցած մէկ բառով

երկու որբուկներուն նուիրեց

քոյր մը

եւ երկու եղբայր

իսկ Մանուէլ

երեք զաւակները Զապէլին

մէկը մանուկ

երկուքը պատանի

մէկիկ մէկիկ

յաջորդաբար

յանձնեց

միշտ բաց մնացած

ընտանեկան գերեզմանին

 

այդպէս էր այն ժամանակ,

մեծ մասը ընտանիքին

գերեզմանին մէջ կը ննջէին

 

ջուլհակ էր Մանուէլ

անշուշտ

սնանկացած ջուլհակ

քանի մը գոյն թելերով՝

դժգոյն դեղին կարմիր ու կանաչ

մէջկապ կը հիւսէր

ու աւելցած թելերը

մէկ սենեականոց

իր տան դրան ետին

ծուռ գամէն կը կախէր

որ սիրելի թոռնիկը

երբ ամառը

հեռուներէն քովը գար

իրեն տար

 

դժգոյն թելերէն

ու մեծ սէրէն զատ

նուիրելու

ուրիշ բան չունէր

 

ահա

քանի մը դժգոյն թելերով

անքակտելի հանգուցուած եմ

անհետացող անցեալիս

բ

ջուլհակ էր Մանուէլ

անշուշտ

սնանկացած ջուլհակ

քանի մը գոյն թելերով՝

դժգոյն դեղին կարմիր ու կանաչ

մէջկապ կը հիւսէր

 

Էֆրոնիան՝

մեծ սէրը Մանուէլին

իրեն պարգեւած էր

երկու որբուկ

ապա Մանուէլ

անդարմանելի վիշտով

յանձնած էր Էֆրոնիան գերեզմանին

ու մոռցած

փակելու գերեզմանը

 

շուտով ամուսնացուցին

երիտասարդ Մանուէլը

ու Զապէլը

երկու որբուկներուն

մայր դարձուցին

 

միայն մէկ բառ սորված էր Զապէլ՝

բարութիւն

ու այդ գիտցած մէկ բառով

երկու որբուկներուն նուիրեց

քոյր մը

եւ երկու եղբայր

իսկ Մանուէլ

երեք զաւակները Զապէլին

մէկը մանուկ

երկուքը պատանի

մէկիկ մէկիկ

յաջորդաբար

յանձնեց

միշտ բաց մնացած

ընտանեկան գերեզմանին

 

այդպէս էր այն ժամանակ,

մեծ մասը ընտանիքին

գերեզմանին մէջ կը ննջէին

 

ջուլհակ էր Մանուէլ

անշուշտ

սնանկացած ջուլհակ

քանի մը գոյն թելերով՝

դժգոյն դեղին կարմիր ու կանաչ

մէջկապ կը հիւսէր

ու աւելցած թելերը

մէկ սենեականոց

իր տան դրան ետին

ծուռ գամէն կը կախէր

որ սիրելի թոռնիկը

երբ ամառը

հեռուներէն քովը գար

իրեն տար

 

դժգոյն թելերէն

ու մեծ սէրէն զատ

նուիրելու

ուրիշ բան չունէր

 

ահա

քանի մը դժգոյն թելերով

անքակտելի հանգուցուած եմ

անհետացող անցեալիս

գ

– կ’այրին

   եաւրում

   կ’այրին

 

կը պատասխանէր

երբ հարցնէիր

թէ ինչո՞ւ

ամառ ձմեռ

ոտքերը մի՛շտ

վերմակին տակէն դուրս կը հանէր

 

թախտին անկիւնը նստած

սուսիկ փուսիկ կ’ապրէր,

ունեցած չունեցածը

արդուկուած ծալուած

հագուստ մըն էր

մօրս հանդերձարանը

կոկիկ պահուած

վերջին օրուան համար

երբ Աստուծոյ դէմը

պիտի կանգնէր ոտքի

 

արդուկուած ծալուած

հագուստին հետն ալ

հարիւր լիրա մը կար

այդ ալ

իր յուղարկաւորութեան եւ թաղման

ծախսերը փակելու համար,

մէկու մը զահմաթ

չէ΄ր ուզեր պատճառել

չէ՞ որ մօրս բեռը

արդէն բաւական ծանր էր

 

կլորիկ խաղողները կը սառեցնէր

եւ կէսօրէ ետք

ամենէն ցածլիկ աթոռակին վրայ

պատշգամը նստած

բերնին մէջ լողացող ատամնաշարով

սառած խաղողները

կամաց կամաց կը կրծոտէր

 

Զապէլ նէնէին

պտոյտի ժամն էր

պաղպաղակը ձեռքին

ցածլիկ աթոռակին վրայ

պատշգամը նստած

 

կ’ըսեն թէ

օր մը

Աստուած պապան

մեծ մաքրութեան ելեր էր

աշխարհի բոլոր դժբախտութիւնները հաւաքեր

դրախտին պատուհանէն

շիփ շիտակ դո՛ւրս թափեր էր

 

դուն մի ըսեր

Զապէլ նէնէն

ուրկէ ուր

դրախտին պատուհանին

ճի՛փ ճիշդ տակը

նստած էր եղեր

 

վա՜յ

ասոր կ’ըսեն

ի՛նչ բախտ

չնայած

ո՞ւր նստէր

նստելու ուրիշ տեղ

չունէր

 

բազմաթիւ ու բազմատեսակ

դժբախտութիւններ համտեսած

Զապէլ նէնէն

այլեւս

թախտին անկիւնը

նստած կամ պառկած

առանց ձայն ծպտունի կը սպասէր

թէ ե՞րբ արդուկուած ծալուած

իր միակ հագուստը պիտի հագնէր

 

սակայն եկուր տես որ

օր մը

մեր դուռը թակեց

անսպասելին

 

դուռը բացողը մայրս էր

եւ ո΄վ զարմանք

անծանօթ երիտասարդ կին մը

դրան սեմին կանգնած

 

քանի մը շէնք անդին

դրացի մըն էր եղեր

մեր դուռը թակող

անծանօթ կինը

 

հեռուէն նշմարեր էր

պատշգամը նստած

մեր Զապէլ նէնէն,

ըստ երեւոյթին

ինքն ալ

տարիքոտ հայր մը ունէր եղեր

 

երեսը պատռած

ելած եկած

կը փորձէր համոզել մայրս

որ երկուքը

այսինքն

իր ծերունի հայրը

եւ մեր Զապէլ նէնէն

ամուսնացնէին

ապա երկուքը

այսինքն

մեր Զապէլ նէնէն

եւ իր ծերունի հայրը

միասին

պատշգամը քով քովի

նստէին

 

չեմ գիտեր

Զապէլ նէնէն

այս  առաջարկը

լսե՞ց

թէ չլսեց

 

մեղայ մեղայ մեղա՜յ

 

բարեբախտաբար

ականջին հասնելու ժամանակ չեղաւ

քանի Աստուած պապան

իր ամենէն մանրակազմ

հրեշտակները շուտով ղրկեց

Զապէլ նէնէն առին

արդուկուած ծալուած հագուստը հագցուցին

ու ոտքերը բոպիկ տարին

 

– կ’այրի՜ն

  եաւրում

  կ’այրի՜ն

 

ամեն գիշեր

երբ գլուխս դնեմ բարձին

ամպիկներէն կախուած

զոյգ մը բոպիկ ոտիկներ կը տեսնեմ

մէկ ձեռքս կ’երկարեմ

մատներովս կը խտղտացնեմ

 

– չայրի՜ն

   նէնէ

   չայրի՜ն

դ

նուիրուած էր իր կոչումին

ուղն ու ծուծով,

հիւանդանոցի հիւանդներէն զատ

կը հասնէր ասոր անոր

գրեթէ ամբո՜ղջ քաղաքին

 

Պարոն պանդոկին մէջ բնակող

անգլիացի ծերունի մըն ալ կը խնամէր,

մեծ պատերազմէն ետք

երբ բոլոր օտարները

վերադարձան

արեւմտեան իրենց երկիրները

անգլիացի ծերունին

նախընտրեց

ասպնջական ժխորը

Միջին Արեւելքին

 

ինչպէ՞ս հեռանար

երբ իր հիւանդ թոքերուն փոխարէն

նուիրեալ հիւանդապահուհի՛ն էր

թթուածին հայթայթողը իրեն

 

սակայն

երիտասարդ էր հիւանդապահուհին

եւ հասաւ այն օրը

երբ ստիպուած էր

ծանօթանալու հօրս

որ լուացքի օր մը նոյեմբերեան

իր լուացքը խանգարել համարձակէի

այսինքն

լոյս աշխարհ գայի

 

ու մայրս՝

նուիրեալ հիւանդապահուհին

ետին ձգեց

սիրելի

ու հնամենի քաղաքը իր

ապրելու հօրս հետ

մայրիներուն երկիրը

կապոյտ ծովուն եզերքը

 

որպէս օժիտ

հետը բերաւ

անգլիացի իր հիւանդը ծերունի

 

աւա՜ղ

երբ ծնայ

մեր աշխարհէն մեկնած էր

մօրս անգլիացի հիւանդը

փոխարէնը

մեր նստասենեակին պատէն

կախուած էր

ածխամատիտով գծուած

իր դիմանկարը

 

տժգունած դիմանկարը

ապակիին ետեւը

առանձին չէ՛ր

իր հետը կը գտնուէր նաեւ

անգլիական գունաւոր

հին ամսաթերթէ մը

խնամքով մկրատուած

ու դիմանկարին

վարի աջ անկիւնը զետեղուած

կիսամերկ՝

չըսելու համար գրեթէ մերկ

անգլիացի գեղեցկուհի մը

երկու ձեռքով

անգլիական դրօշակը

բարձր պարզած

 

մեր տանը

մեզի հետ ապրեցան

դիմանկարի տիրոջ ժամացոյցը

ընկուզենիի փայտով

իր գրադարանն ու

զոյգ բազկաթոռները

մօրս

անգլիակա՛ն շեշտով անգլերէնը

եւ

համա՜յն արխիւները

հնամենի քաղաքին՝

Հալէպին

ե

երկո՛ւ կարեւոր բան կար

աշխարհի երեսին

առաջինը

Հալէպը

որ կը գտնուէր

ճի΄շդ կեդրոնը աշխարհին

երկրորդը

Ալթունեան հիւանդանոցը

որ կը գտնուէր

ճի΄շդ կեդրոնը Հալէպին

 

Ալթունեան հիւանդանոցի

հիւանդապահուհի էր մայրս՝

գլխաւո՛ր հիւանդապահուհի

ցաւօք սրտի

երբ աշխարհ եկայ

մայրս հեռացած էր

իր սիրելի քաղաքէն

Ալթունեան հիւանդանոցը ծախուած

սակայն այնուամենայնիւ

մենք ապրեցանք

Հալէպի

Ալթունեան հիւանդանոցին մէջը

 

փոքր աղջիկ եմ

ի՛նչ որ ընեմ

չե՛մ յաջողիր

սպիտակ սաւանին հետ

կը կռուիմ

 

սպիտակ սաւանը

անկողինին տակ դարձնելէն ետք

անկիւնի գիծը

ուղիղ շեղակի մը պէտք է ըլլայ

եւ այդ ուղի՛ղ շեղակին

երկրաչափական բարդ հաշիւներով

անկիւնը պէտք է ճեղքէ

ճի΄փ ճիշդ մէջտեղէն

 

կը ճգնիմ

հազիւ կ’ենթադրեմ թէ յաջողած եմ

յանկարծ

մօրս`

գլխաւոր հիւանդապահուհիին վճիռը

չարաչար կը ջախջախէ

ցնորային ենթադրութիւնս

 

– ա՜խ աղջիկս ախ

   վաղը էլին մարդուն

   տունը երթաս

   պիտի ըսեն

   ասոր մայրը

   բա՛ն չէ սորվեցուցած

   ա՜խ աղջիկս ախ

 

սաւան անցընել

չկրցաւ սորվեցնել մայրս

կամ շիտակը

չկրցայ սորվիլ

կամ ալ

չուզեցի սորվիլ

սակայն

օտար մարդուն տունը երթալէս առաջ

զոյգ մը ոսկի ապարանջան

անցուց դաստակիս

 

Ալթունեան հիւանդանոցի

տքնաջան աշխատանքի

ամբողջ իր խնայողութիւնը

ոսկի ապարանջաններու

վերածած էր մայրս

եւ Էջմիածնի սուրբ գանձերուն նման

կը պահէր

լաթերու մէջ փաթթած

 

մենք`

թիւով սակաւ

ընտանիքին հարսնցուներս

որպէս օժիտ

զոյգ զոյգ պիտի ստանայինք

ոսկի ապարանջանները

եւ այսպիսով

Հալէպի Ալթունեան հիւանդանոցը

հետերնիս օղակած

պիտի փոխադրէինք

օտար մարդուն

օտար տունն ու օտար երկիրը

 

– աղջիկս

   պիլեզիկներդ դիր

   նոր հարս ես

   մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն

 

   աղջիկս

   պիլեզիկներդ ո՞ւր են

   աղջիկս

   պիլեզիկներդ չծախե՜ս

 

յուշերն ու փուշերը

բոլո՜րը

սպիտակ սաւանով

թռան գացին

մնաց Հալէպը

միւս ծայրը աշխարհին

եւ զոյգ մը

բնաւ չօգտագործուած

ոսկի ապարանջանները

զ

տուն դպրոց

եկեղեցի

աշխարհ մը

եռանկիւնի

 

արեւը մի՛շտ ներկայ էր

եռանկիւնի այդ աշխարհին մէջ,

նոյնիսկ գիշերը

կը զգայիր ներկայութիւնը իր

եւ կասկած չունէիր

բնաւ երբեք

թէ թերեւս

կրնար բացակայիլ ան

չկա՛ր անանկ բան

 

ու մութ գիշերը

կը յանձնուէիր

արե՛ւ բուրող

սպիտակ անուրջին

 

անուրջի նման սպիտա΄կ էին

սաւանները

իսկ սպիտակին գաղտնիքը

կապոյտ լեղա՛կն էր,

ամեն ուրբաթ

բոլո՜ր սաւանները

եռանկիւնի այդ աշխարհին

լեղակով կը լուացուէին

 

յետոյ  ի՞նչ

պիտի ըսես

ուսերդ թօթուելով

 

չէ՜

դիւրին բան չէր

ոչ մէկ տեղ գրի առնուած

առեղծուածային չափեր ունէր լեղակը,

եթէ այդ չափերուն չտիրապետէիր

ամբողջ լուացքը կը կապտէր

ինչպէս ծովը

հոն՝

տանիքներէն քիչ մը անդին

 

չես գիտեր ինչո՞ւ

ո΄չ մէկ տանտիկին

այդ չափերը

ուրիշին կը յայտնէր

քաղաքական մե՜ծ գաղտնիք էր

 

լուացքը

պատշգամներէն

տանիքներէն

կը փռուէր

ու սպիտակ առագաստներու

մրցումը կը սկսէր

 

կապոյտ լեղակով լուացուած

սպիտակ անուրջնե՜ր

որոնք մի՛շտ փռուած մնացին

հոն՝

անհետացող անցեալիս մէջ

է

չես գիտեր ինչո՞ւ

ամեն անգամ

դո՛ւրս կը վազէր

Տիկին Մարի

երբ պիտի մարէր

 

արդեօք նախընտրելի չէ՞ր

իր սենեակին մէջ պատահէր

ի՛նչ որ պիտի պատահէր

 

երեւի կը վախնար

որ զինք

գետնէն բարձրացնող պիտի չըլլար

չնայած ունէր հինգ զաւակ

մէկ սենեականոց իրենց տան մէջ ծնած

հասակ առած

արդէն երիտասարդներ դարձած

 

երիտասարդ զաւակները

բոլորն ալ

տեղաւորած էր աշխատանքի

իսկ հայրերնին`

Պարոն Սարգիսը

սուսուփուս դերձակ մըն էր

թաղին մէջ

ո՛չ մէկը իր ձայնը լսած

քանի խեղճին

ո՞վ էր առիթ տուած

 

շատոնց լռած էր

Պարոն Սարգիս

մինչ Տիկին Մարին

ոչ թէ միայն ամուսինին

այլ իրմէ զատ ուրիշին

խօսելու առիթ տուողը չէր

 

ա՜խ

մարեցա՜յ մարեցա՜յ

գոռալով

կը յենէր պատին

նորաշխարհի իր ծառին շուքին

 

պէտք է ըսել

թէ մարելու վայրն ալ

միշտ ընտրուած կ’ըլլար

բեմադրութիւնը` կատարեալ

 

զգոյշ էր

որ յանկարծ

մարելու ընթացքին

գետին չփռուէր

քանի քաջատեղեակ էր

թէ բոլոր թաղեցիները

եթէ ձեռք ձեռքի տային

զինք գետնէն բարձրացնել

պիտի չկարենային

 

փարթամ մարմնով

հզօր կուրծքերով

գլխաւո՛ր դերասանուհին մեր թաղին

Պայղո՛ւշ Մարին

 

հայրս

սովորութիւն ունէր

նոր անուններով կնքել թաղեցիները

չնայած

ինք բնաւ գործ չունէր իրենց հետ,

հօրս ստեղծած կեղծանունները

ցմահ կը պլլուէին

իրենց տէրերուն

 

թէ ի՞նչ կը նշանակէր պայղուշ

չէինք գիտեր

պարզապէս

գիտակից էինք

թէ շատ հաճելի մակդիր մը չէր

եւ անշուշտ

իր ականջին

պէտք չէ՛ր հասներ

 

Պայղուշ Մարին

խօսելու առիթը

ուրիշին չտուաւ բնաւ

սոյն պատճառով

իր ծածկանունը

ո՛չ մէկուս բերնէն սպրդեցաւ

մինչ ինք

յաճախ մարելու իր տեսարաններով

մեր թաղին համ հոտ բերաւ

 

գիշերը

անկողին մտնելէ առաջ

բոլոր երեխաները

մէկ երկու մարեցա՜յ

կը կանչէին

ու անկողինին վրայ կ’իյնային`

երբեմն

փորի վրայ

երբեմն

կռնակի վրայ

 

իյնալու երկու ձեւերն ալ

խաղացողին

մեծ հաճոյք կը պատճառէին

իսկ ամենահաճելին

ամառը

ծովը

նոյն խաղը՝

մէկ երկու մարեցա՜յ

ու այս անգամ

բոլոր երեխաները միասնաբար

կռնակի վրայ

կ’իյնային ջուրին մէջը

վայելելով ջուրին շառաչիւնը

 

նորաշխարհի՝

զկեռի ծառին ետեւէն

անունս կը լսուէր

 

ուրբաթ էր

հլու հնազանդ

առանց այլեւայլի

կ’ուղղուէի շի՛փ շիտակ

դէպի Պայղուշ Մարիենց բաղնիքը

 

մութ ու զնդան բաղնիքը

կը գտնուէր

մէկ սենեականոց

իրենց տան բակին մէջը

 

լոգանքի օրն էր

բաղնիքը անուշ եղած

լայնածաւալ ծծկալը կոճկելու

պահն էր հասած,

այս ծիսակատարութեան մենաշնորհը

միայն միմիայն

ինծի՛ էր ընծայուած

 

լայնածաւալ ծծկալին

երկու ծայրամասերը բռնած

մութ ու խոնաւ բաղնիքին մէջ

ուրբաթօրեայ ճգնաժամս կը սկսէր

 

յատուկ կերպասով կարուած

Պայղուշ Մարիին ծծկալը

չունէր առաձգականութիւն

եւ երկու ծայրամասերը միացնելը

ուժերէս վեր

գերբնական ճիգ կը պահանջէր

մինչ ուրբաթէ ուրբաթ

երկու ծայրամասերուն միջեւ գտնուող

ոչ ոքի տարածքը կ’ընդլայնէ՜ր

 

կեանքիս դժնդակ պահերուն

Պայղուշ Մարիին ծծկալը

մի՛շտ

օգնութեան է հասած

ու ներքին ձայնով մը

զիս խրախուսած

 

ա՜յ աղջիկ

դուն որ յաջողած ես

Պայղուշ Մարիին ծծկալը կոճկել

այս դոյզն դժուարութիւնը

պիտի չկարենա՞ս յաղթահարել

 

լայնածաւալ ծծկալին

երկու ծայրամասերը ամուր բռնած

ծայրամասերուն միջեւ

գտնուող տարածքը

անհաշիւ ընդլայնած

կը ճգնիմ

ու կը փորձեմ միացնել

անցեալս ու ներկան

ը

– քեզի գաղտնի ունեցայ

   հայրդ այլեւս

   չոճուխ մոճուխ չէ՛ր ուզեր

 

սոյն տողերը

յաճախ կը կրկնէր

արտայայտելով

փաղաքշական իր սէրը

հանդէպ ինծի

 

իսկ ես

գաղտնի առաքելութեամբ

այս աշխարհը մուտք գործելովս հպարտ

կը մեծնայի հոն

գարեջուրի գործարանին

աստիճաններէն վեր

նեղ թաղին մէջ

 

բազմանդամ չէ՛ր

այլեւս զաւակ չփափաքող

հօրս գերդաստանը

իսկ ինծի

վիճակուած էր պատիւը

ըլլալու

ոչ բազմանդամ մեր գերդաստանին

պոչին ծայրը

այսինքն պարզապէս աւելո΄րդը

 

գերդաստանին անդամները

բոլորն ալ օժտուած էին

երկնային գոյներով`

սպիտակ մորթ

կապոյտ աչքեր

դեղձուն մազեր

 

մինչեւ կարգը հասած էր ինծի

սպառած էին

գերդաստանին

համայն գոյները երկնային

մնացած էր միայն

մրուրը

 

սպառած էր նոյնիսկ

համբերութիւնը

ուստի

դոյլով

գլխէս վար թափած էին

ածխագոյնը

օժտելով բախտաւորիս

սեփ սեւ մազեր

եւ սեւ սեւ աչքեր

 

բոլորը երեսիս նայեցան

զարմացան

ու միաբերան կանչեցին զիս

քի՛ւրտ աղջիկ

 

ու ես`

ոչ բազմանդամ

մեր գերդաստանին քիւրտ աղջիկը

բազմաթիւ տարիներ առաջ

կը մեծնայի հոն

գարեջուրի գործարանին

աստիճաններէն վեր

նեղ թաղին մէջ

կրծելով

այն ժամանակուան

մատնաչափ վարունգները

եւ խածնելով

այն ժամանակուան

հիւթեղ լոլիկները

վազվռտելով

գործարանին գարեջուրին

ծանր բոյրով օծուն

նեղ թաղին մէջ

 

տարիները գլորեցան

չմնացին

ո՛չ քիւրտ աղջիկ կանչողները

ոչ ալ քիւրտ աղջիկը

մնաց միայն

մատնաչափ վարունգներուն

եւ

հիւթեղ լոլիկներուն

համն ու հոտը

կախուած

մերկացած ներկայիս

երազներուն մէջը

թ

անունիս երեք վանկերը

կ’արձագանգեն

նեղ թաղին երկայնքին

 

մայրս զիս կանչելու

յատուկ ոճ մը ունէր

երկարելով

անունիս

երկրորդ եւ երրորդ վանկերը

 

ելեւէջներով կանչը

իտալական օփերայի մը

ասերգային մէկ հատուածէ կը թռչէր

ու տուն մտնելու

բօթը կը յայտարարէր

 

խաղին մէջ մխրճուած

պատշգամին կողմը առանց նայելու

կը պատասխանեմ՝

հիմա մամա

եւ անշուշտ

անվերջանալի խաղս կը շարունակեմ

թաղընկերներուս հետ

 

շատ չանցած

պատշգամէն կախուած

մօրս կանչը

կրկի՛ն կը հնչէ

այս անգամ կարճ ու կտրուկ

 

պատշգամին կողմը դառնալով

երկու Մենով

հիմմա մամա

կը պատասխանեմ

սակայն երկու Մենով հիման ալ

մէկ Մեն ունեցողին նման

կը յապաղի

կը յամառի

ու ոտքս խաղին մէջ

աւելի՛ կը մխրճուի

 

վերջապէս

պատշգամէն սլացող

մօրս հատու ձայնը

թաղը կը ցնցէ

ու խաղիս մահկանացուն կը կնքէ

 

– աս աղջկան պորտը

  փողո՛ց նետեր են

  փողո՛ց

 

սլացող կեանքին

սլաքներէն կախուած

ոլոր մոլոր թափառեցայ

սակայն չգտայ

այն փողոցը

ուր նետած էին պորտը

ժամանակին երջանիկ

այն աղջնակին

ժ

ինչպէս որ

կնունքիդ օրը

յանձնուեցար

եկեղեցւոյ  խոնարհ ծառային

այդպէս ալ

լոգանքիդ օրը

յանձնուեցար

քեզ լոյս աշխարհ բերողին

 

առաջինը

չարչարանք մըն էր

որ գլորեցաւ

յիշողութենէդ անդին

իսկ երկրորդը

չարչարանք մը

որ կրկնուեցաւ

ամեն ուրբաթ

առանց բացառութեան

բոլոր տարիները մանկութեան

եւ անջնջելի փորագրուեցան

յիշողութեանդ պատերուն վրան

 

դափնիի տերեւներով պատրաստուած

հին քաղաքէն յատուկ բերուած

աղիւսի կտոր մըն էր

ուրբաթ օրուան

օճառը պաշտամունքային

 

աղօթող հաւատացեալի մը նման

աչքերդ փակած

գլուխդ խոնարհած

կը յանձնուիս մօրդ

ետ իր արգանդը մտած

 

անմրմունջ կը դիմանաս

անտրտունջ կը տոկաս

մինչ մայրդ

երակներուն մէջ

հին քաղաքին

եռացող ուժը վերագտած

սատանային դէմ կռիւի ելած

գլուխդ կ’օճառէ

մէկ անգամ

երկու անգամ

եւ տակաւին

եւս մէկ անգամ

որ վերջապէս

խիղճը հանգիստ

հասնի սուրբ երրորդութեան

 

անմրմունջ

տակաւին կը դիմանաս

անտրտունջ

տակաւին կը տոկաս

մինչ թասիկէն կը հոսի

օրհնուած ջուրը եռացած

 

հին քաղաքէն

յատուկ բերուած

դափնիի տերեւներով պատրաստուած

աղիւսանման օճառը այս

ամիսնե՜ր պէտք էր օգտագործուէր

համայն ընտանիքին կողմէ

որ քիչ մը հալէր

ու ձեռքիդ մէջ տեղաւորուէր

 

անշուշտ

պիտի չփափաքէիր

բնա՛ւ երբեք

որ այն օրը հասնէր

ու ան յանկարծ

ափիդ մէջ յայտնուէր

քանի

իր թաց վիճակին մէջ

տհաճ տեսք ունէր

ու զզուանք կը յառաջացնէր

 

ամօթ չըլլայ խոստովանիլը

ներո΄ղ եղիր

կարճ ու կտրուկ

ուղղակի ըսեմ՝

քիթի կեղտի

կուտակուած խլինքի կը նմանէր

երբ թաց էր

չնայած

չոր վիճակին մէջն ալ

նո՛յն տպաւորութիւնը կը ձգէր

 

գլուխդ հազիւ

ազատագրած

կը հասնէր

յաջորդ  օրհնանքը

 

հին քաղաքէն

դափնիէ օճառին հետ միասին հասած

սեւ կարծր

գրպանաձեւ փոքր կտաւ մըն էր

որ աւազաթուղթի նման

անգութօրէն մարմինդ կը տաշէր

մանկական բոլո՛ր մեղքերդ կը քերթէր

 

տաշուած քերթուած

լոգանքին մնացեալ փուլերէն

բախտով ճողոպրած

վերջապէս

բաղնիքէն դուրս կ’ելլես

հրաշքով ողջ մնացած

մօրդ հլու

աղջիկ մը դարձած

 

դափնիէ օճառը

հին քաղաքը

եւ մայրս՝

սուրբ երրորդութիւնը

 

ափիս մէջ մնաց

երեքէն

միա՛յն

մէկը

ժա

աչքերը դէպի

կապոյտը երկինքին

ամբողջ ուժով կը քաշէ

երկար ու հաստ պարանը

կապոյտէն կախուած

եւ ապա

թեթեւ փետուրի մը նման

կը բարձրանայ

զինք վեր քաշող պարանին հետ

դէպի կապոյտը երկնային

 

պահ մը

կ’անշարժանայ հոն վերը

մէջը պատկերին

ապա

պատռելով պատկերը

ետ կը սահի դէպի վար

իր հետը բերելով

պատառ մը

կապոյտէն երկնային

 

ծունկերը ծալած

ոտքերը գետնին

կ’անշարժանայ

եւ կը սլանայ կրկին

զսպանակի նման

ու կրկնուող իր թռիչքներուն հետ

կը ղօղանջէ զանգը հսկայ

 

շաբթուան եօթներորդ օրն էր

զոր հանգստեան օր հռչակած էր

ինքը՝

Արարիչը

 

երկնային օրուան

սպասուած պահն էր

երբ Պարոն Միսաք

դրախտին դռները կը թակէր

եկեղեցիին հսկայ զանգին

լեզուակէն կախուած

 

կիրակի օրուան

փայլուն ու նեղ կօշիկներուս մէջը

պատանդ պահուած

միակ փէշիս մէջ բանտուած

յանցագործ հրեշտակի մը նման

կը դիտեմ պատկերը

հմայուած

հրապուրուած

 

սոյն փորձութեան

ինչպէ՞ս դիմանաս

եւ ահա

կը սայթաքիս

փորձութեան կը մատնուիս

ու երկար պարանին պոչը բռնած

կը թռչիս վեր

Պարոն Միսաքին ետեւէն

թռչող թռուցիկին

նախշուն պոչը դարձած

 

կ’ելլենք վեր

կը սահինք վար

կ’ելլենք վեր

կը սահինք վար

Արարիչին երկար մօրուքէն կախուած

Պարոն Միսաքը եւ մենք`

քանի մը երեխաներ

արգիլուած գօտին ոտնակոխած

 

կ’ելլենք վեր

կը սահինք վար

կ’ելլենք վեր

կը սահինք վար

մինչ կը ղօղանջէ

հսկայ զանգը երկնային օրուան

 

Պարոն Միսաք

դուռ մըն էր բացուող

դէպի ծով բարիք

ու մնաց այդպիսին

նոյնիսկ երբ զոհեց

քսանամեայ իր կրտսեր որդին

այն պատերազմին

ուր արիւնը

երկար տարիներ հոսեցաւ

նեղ երակներուն մէջը

այս ափ մը երկրին

 

սեւեր հագաւ

որդեկորոյս Տիկին Փրլանթ

ու մնաց սեւերուն մէջ

մինչեւ այն երեք կէտերը կախման

ուր կը հասնի

յիշողութիւնս պատանութեան

մինչ Պարոն Միսաք

աչքերը միշտ

դէպի կապոյտը երկինքին

երկար ու հաստ պարանին

ամուր կառչած

շարունակեց ճօճել

հսկայ զանգը

այն անցեալին

 

անհետացան

հաստ ու երկար

պարանները երկնային

սակայն

կը շարունակենք օրօրուիլ

ես ու դուն

եւ ան

մէկ վեր

մէկ վար

անդադար

փորձելով փրցնել

բրդուճ մը

կապոյտ երազէն

փարատած

ժբ

հազիւ ծնար

ձեռքդ

անձնաթուղթ մը դրին

որուն վրան

ճիշդ մէջտեղը

ծառ մը կար մայրի

 

անունդ

արդէն որոշած էին

կը հաւնիս

չես հաւնիր

չհարցուցին

 

մայրի ծառով անձնաթուղթին մէջ

անունդ

աջէն ձախ գրեցին

իսկ երբ

աջէն ձախ գրուած անունդ

կը կարդային

կարծես

ուրիշ անձ մը կը կանչէին

 

չես գիտեր

սխա՞լ գրած էին

թէ սխալ կը կարդային

կարծեմ

թէ΄ սխալ գրած էին

թէ΄ սխալ կը կարդային

 

խնդիր չէր

հոն՝

մայրի ծառերուն երկիրը

քալեցուր կ’ըսէին

եւ ամեն ինչ

նոյնիսկ անկարելին

կը քալեցնէին

 

ու ես

քալելով

դպրոց կ’երթայի

լազուարթ համազգեստ հագած

 

համազգեստին ճերմակ օձիքէն

կը խեղդուէի

սակայն  անշուշտ գանգատ չունէի

պարզապէս

որովհետեւ

գանգատելու իրաւունք

չէր տրուած՝

ո՛չ ինծի

ո՛չ քեզի

 

համազգեստին ընդմէջէն

սուսիկ փուսիկ

հասակ կը նետէի

մինչ

համազգեստին քղանցքին

հետզհետէ

լազուարթի շերտեր կ’աւելնային

 

լազուարթի տարբեր երանգներ

իրենք ծունկերէն վար

իսկ ես դէպի վեր

 

պայմա΄ն էր

համազգեստը

ծունկերը պէտք էր ծածկէր

եթէ ոչ

այն ժամանակ

շատ կարճ էր

դժոխքին ճամբան

 

դոյզն յանցանքով մեղադրուած

շի΄փ շիտակ

դժոխքին բաց դուռը կը հասնէիր

եւ ինքզինքդ

դժոխքին մէջ կը գտնէիր

կամ ալ

չհասած

վերէն՝ երկինքէն

քար մը կ’իյնար

ուղղակի գլխուդ վրան

 

գլխուդ ինկած քարը

գործած մեղքիդ համեմատ

մեծ կամ փոքր կ’ըլլար

 

աչքերնիս դէպի երկինք

ինկաւ չինկաւ

յանկարծ չիյնա՜յ

զգոյշ կը մեծնայինք

անգիտակից

թէ մօտիկ ապագային

մեր երկինքէն

պիտի իյնար աներեւակայելին

այսինքն

արհաւիրքը

փոխան երեք խնձորներուն

հեքիաթային

 

անուն մը

մայրի ծառով

անձնաթուղթին մէջ

աջէն ձախ

սխալ գրուած

մանկութիւն մը

համազգեստին մէջ լազուարթ

մնացին հոն

այն երկինքէն կախուած

որպէս մաշած շերտ շերտ յուշեր

իրենց տէրը

անյայտ կորսուած

գծանկար՝ արեւիկ