քանի մը բառ

Loading

կը քանդես պատը
որ անցնիս անդին
սակայն ով զարմանք
կը հանդիպիս յաջորդ պատին

կը քանդես յաջորդ պատը
որ անպայման
անցնիս անդին
սակայն ով զարմանք
կը հանդիպիս միւս պատին

կը քանդես միւս պատն ալ
որ անպայման
անցնիս անդին
սակայն ով զարմանք
կը հանդիպիս մի΄շտ պատին

վերջապէս
մշտական պատերուն դիմաց
քար առ քար
կը հիւսես քու պատդ
ու կը նստիս
կռնակդ պատիդ՝
դուն ասդին
միտքդ անդին

հեռացած բարեկամէն
քանի մը բառ
լուռ կը կարդաս
ու կուրախանաս
որ դուն եւ ան
թէեւ տարբեր ճամբաներ քալած
այսօր նոյն տեղն էք հասած

հեռացած բարեկամէն
քանի մը բառ
լուռ կը կարդաս
ու կը տխրիս
որ դուն եւ ան
թէեւ տարբեր ճամբաներ քալած
այսօր նոյն տեղն էք հասած

քար մը դուն
քար մը ան
քարեր ցիր ու ցան

քով քովի եկաք
սակայն դժբախտաբար
չորս պատ չդարձաք

քար մը դուն
քար մը ան
քարեր քով քովի
կամ ցիր ու ցան

ընդամենը
քանի մը ընկեր
եւ անշուշտ
քանի մը բառ
որ պատես
մերկութիւնդ եդեմական

ընդամենը
քանի մը ընկեր
եւ անշուշտ
քանի մը բառ
քեզ պատած՝
պատսպարած

ընդամենը
քանի մը բառ
ընկերաբար

գծանկար՝ արեւիկ