Քանի մը քայլ անդին եւ կը մօտենանք այլեւս. տղաքը «վերջին մայթն է», կ՚ըսեն: Ձախ ձեռքիս դիմացը խանութ մը, «Հաւեր Պետրոս»: Ճիշտ հասկցար, միս վաճառող խանութ մըն է, հաւ վաճառող մասնաւորապէս: Սա մարդիկը միսի խենթ ըլլան կարծես, երկու փողոցը մէկ ասանկ տեղ մը պիտի ըլլայ, որ սուվլաքի պիտի ծախէ:
Չգիտցողներուն համար, մեր ազգային խորհրդանիշն է սուվլաքին: Փիթա հացի մէջ փաթթուած խոզի կամ հաւու միս, վրայէն տապկուած գետնախնձոր, սոխ եւ ճաճըխ… Ադքան ճաճըխ որ վերջը բերնիդ հոտէն ազատիլ չկայ: Ուրեմն շատ յաճախ զոյգերը իրենց միջեւ կ՚որոշեն թէ կրնան սուվլաքի ուտել, միայն թէ առանց ճաճըխի. հասկնալի է մէկ կողմէն, միւս կողմէն ալ առանց ճաճըխի լման համը կը փոխուի: Ընկերուհի-ճաճըխ երկսայրաբանութեան միջեւ, շատեր ճաճըխ պիտի ընտրէին: Եւ անկեղծ ըլլամ, վստահ չեմ ես ալ ընտրութեանս համար: Ուտելիքը անհրաժեշտութիւն մըն է կեանքիս մէջ. այսինքն անհրաժեշտութիւն մըն է նոյնքան բոլորին համար, միայն թէ կը զգամ որ ես քիչիկ աւելի կարեւորութիւն կու տամ: Անանկ մը կ՚ըլլայ որ, երբ անօթենամ պէտք է անմիջապէս ուտեմ. եթէ ոչ, միտքս միայն ատոր շուրջ կը դառնայ եւ ուրիշ ոչինչ կրնայ մտածել: Ու այս վիճակին քաքը այն է որ ամէն երկու, շատ շատ երեք ժամ կ՚անօթենամ, եւ օրուանս կէսը կարծես ասանկ կը փախի: Միւս կէսն ալ քնանալս կ՚ըլլայ. ինծի ձգես նէ օրերով կը քնանամ, շաբաթներով նոյնիսկ: Դժբախտաբար սակայն պարտականութիւններ ունիմ, որոնք չեն արտօներ հանդարտ քունս շարունակել: Առտու կանուխ կ՚արթնցնեն, գլխուս մէջ զնգզնգալով եւ պոռալով:
-Արթնցիր լան. պարապ մարդ մի ըլլար. հաւերուն կուտ պէտք է տաս, կովերուն կաթը կթես, ոչխարներուն մազը կտրես, պարտէզը ջրես:
Վարանոտ վիճակովս կ՚արթննամ ու կ՚անդրադառնամ որ ագարակի մէջ չեմ ապրիր. մայրաքաղաքի մարդ եմ ես: Հաւեր չունիմ, կովեր չունիմ, ոչխարներ ալ չունիմ: «Հաւեր Պետրոս»ը քառուղիի անկիւնը կը գտնուի. մայթի վրայ որ կը քալենք հիմա: Կամաց կամաց, երեխաններ, մեր տարիքի երիտասարդներ եւ մեզմէ մեծեր կը հաւագուին մեր շուրջը ու կը հետեւին մեզի. կամ մենք իրենց, տարբերութիւն չ՚ըներ: Աջ ձեռքիս կողմը, պզտիկ հողամաս մը կայ, մետաղէ, կանանչ, կէս մթերանոց ցանկապատով մը շրջապատուած: Աչքս երկարելով, կը տեսնեմ որ քանի մը հատ կան քով քովի, մէկ հատ չէ միայն: Խոտեր, ծաղիկներ եւ թուփեր, անմշակ, գէշ վիճակի մէջ ձգուած էին:
«Երաժշտական սրճարան» անունով սրճարան մը կ՚երեւի հինգ վեց մեթր առջեւ: Օրերով կը մտածէին հաւանաբար այս անունը գտնալու համար. «Հաւեր Պետրոս»ին պէս: Գոնէ տեղերը ճիշտ են ասոնց. այդ տեսակէտէն կրնամ արդարացնել: Մութ մանիշակագոյն մը կը տիրէ շրջապատկերին. խանութին առջեւ, երեք չորս կլորակ, փայտէ սեղաններ, իւրաքանչիւրը երկու աթոռով, մէկ մոխրամանով վրան: Ներսի տարածութիւնը պզտիկ, հաւանաբար 25 մեթր քառակուսի: Ոչ բաւական լուսաւորուած. կարծես դիտմամբ մթութիւն մը կը փորձէր պաշտպանել: Մտնալով ձախ կողմ, հիւրասիրութեան տեղը կար, ուր խմիչքները դասաւորուած էին պատին վրայ, քով քովի, ռուսական օղի, արմտօղի, թեքիլա, շաքարօղի, ուզօ, գինի, ամէն ինչ կար: Աջ կողմի անկիւնին վրան ալ հեռատեսիլ մը փակցուած. քիչ մը բարձր, որ բոլորին համար տեսանելի ըլլայ: Եւ չկրցայ աւելին նշմարել. ինչ որ տեսայ մեր քալելուն վրայ նետած ակնարկս էր. մեծ ուշադրութեամբ չկրցայ նայիլ:
Ես ալ ասոնց մէջտեղը, իբրեւ հանդիսատե՞ս, իբրեւ լրագրո՞ղ, պարզ տեսնո՞ղ
»Ես ալ ասոնց մէջտեղը, իբրեւ հանդիսատե՞ս, իբրեւ լրագրո՞ղ, պարզ տեսնո՞ղ
»Որքան մօտենայինք, այդքան կը բազմանայինք: Շէկ երեխաներ, թխամազ աղջիկներ, կիսաճերմակ մազերով ծնողներ: Գէր, նիհար, մկանոտ, կարճ մազով, երկարամազ, անմազ: Ամէն տեսակի հագուստներով, զանազան գոյներով: Շէկ աղջիկ մը աչքիս տակ կ՚իյննայ. երկար, շիփ շիտակ է մազը. կապոյտ աչքը կը փայլի բազմութեան մէջ, շուրջէն ակնարկեր կը հաւաքէ վրան: Կրնամ նշմարել տղոց հետաքրքրութիւնը որ կը գրաւէ. իմ հետաքրքրութիւնս ալ գրաւեց: Տպաւորիչ է երեսը: Մարմինն է միայն որ շատ նիհար չէ, բայց այսպիսի տպաւորիչ դէմքի մը առջեւ, ի՞նչ է մարմինը: Կարմիր փէշով մը որ շատ կը վայելէր: Կարելիութիւնը ունէր երեւելու: Հակառակ մեծամասնութեան, կարելիութիւնը ունէր երեւելու բազմութեան մէջ. անկարելի էր մօտդ ըլլար եւ չնշմարէիր իրեն: Մենք միւս կողմէն, կանք չկանք, տարբերութիւն չ՚ըներ:
Նեղուած, ուրախ, հպարտ, ջղային, հանդարտ դէմքեր: Ձայներ, խնդուկներ, ծանր քայլեր, պոռչտուքներ, խօսակցութիւններ: Ամէն տեսակի նիւթեր կը դառնան. խումբ մը տղաք ոտնագնդակի շուրջ կը վիճաբանին:
-Աղուոր մը քունեցինք ձեզի երեկ չէ՞:
-Արդար յաղթանակ էր. կը շնորհաւորեմ:
Մարդիկ, ձայներ, գոյներ, խօսքեր, դէմքեր, թռչուններու երգեր, մազեր, բառեր, ձեռքեր, անուններ, կօշիկներ, կանչեր, ներկուած եղունգներ, ներկուած հնչիւններ, ներկուած մտածումներ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը, իբրեւ հանդիսատե՞ս, իբրեւ լրագրո՞ղ, պարզ տեսնո՞ղ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը իբրեւ ունկնդի՞ր, իբրեւ ձայնագրո՞ղ, պարզ լսո՞ղ: Ես ալ ասոնց մէջտեղը իբրեւ էութիւն, իբրեւ երիտասարդ, պարզ մարդ։