Աղջկան ետեւէն իյնալով ի վերջոյ հասած էինք գծուղիին կայարանը: Բախտս նշմարէ, երկու վայրկեանէն կը հասնի. քիչ մը աջ նայիմ, քիչ մը ձախ նայիմ, ժամանակը արագօրէն պիտի անցնի: Աջս նայեցայ, ձախս նայեցայ. առջեւս դարձայ, նոյնիսկ ետեւ շարժեցայ: Երկու վայրկեանը մէկ դարձած էր. բայց մէկը, դեռ հոն, կայուն կանգնած էր: Ուշացո՞ւմ մը կար կամ այդ երկու վայրկեանը տարիներ էին մտքիս մէջ:
Տարիներ որ պիտի թռչէին վրայէս, ետ ձգելով զիս, մաշած ու հինցած: Վախերէս մէկն էր աս. պարապ նստիմ, ոչինչ ընեմ ու կորսուիմ. կորսուիմ ժամանակին մէջ: Խոշոր ժամանակային փուչիկ մը յայտնուի առջեւս ու ես, սաստիկ զարմացած, չգիտնալով իր ինչ ըլլալը չհեռանամ, այլ ընդհակառակը. հետաքրքրութեամբ մօտենամ: Մօտենամ եւ փորձեմ դպնալ, փորձեմ հասկնալ ինչէ բաղկացած է: Տատամսոտ վիճակի մը մէջ անշուշտ պիտի մօտեցնեմ ձեռքս դանդաղօրէն եւ հասնելէն առաջ պիտի կենամ. կենամ մէկ երկվայրկեան, իբրեւ ազատութեան վերջին յոյս:
Սակայն յոյս, շատ ալ չունենաս, որ վերջը, յանկարծ, յուսախաբ չըլլաս:
Ընտրութեան կարելիութիւնը պատրանք մըն է միայն: Այն երկվայրկեանը, որ կարծես թէ կը մտածես եզրակացութեան մը հասնելու համար, պատրանք մըն է միայն: Ընտրութիւնը հիմա չըրիր. փուչիկը տեսնելէն առաջ, ընտրութիւնը արդեն իսկ ըրած էիր: Նոյնիսկ եթէ փուչիկ չըլլար, ընտրութիւնդ պիտի չանհետանար: Ուրեմն պինդ գլուխ ես, ընտրութիւնս մէկ ձեռքիս, յուսախաբութիւնս միւսիս, առաջ քալեցի. առաջ քալեցի ու անդրադարձայ որ փուչիկը հաստատուն մարմին չէր. ձեռքս մէջէն կ՚անցնէր: Եւ ընտրութիւն ընտրութեան վրայ ես, այլեւս չդիմացայ: Ոտքս ոտքին տուաւ, քայլը քայլին զարկաւ, միտքս միտքին մտաւ: Կէս մարմին ներս, կէս մարմին դուրս, վերջացած էր, կեանքս անյոյս: Միւս կէսն ալ ներս մտաւ եւ էութիւնս անհետացաւ: Տարիները անցան, մտածումները փճացան: Վերջին վայրկեանս ալ թռաւ. տրամուղիս վերջապէս հասաւ:
Սպասեցի նայիմ ուր կը կենայ, որ դռան առջեւը չմնամ: Մէկ-երկու քայլ դէպի ձախ կողմ, որ մարդիկ կարենան հանգստօրէն դուրս ելլել: Մտայ եւ դիմացիս աջ կողմը հենեցայ: Ամբողջովին լեցուն չէր. վակոնը հազիւ քսան-քսանհինգ հոգի ունենար: Գլխուս վեր պզտիկ պաստառ մը կար որ կայարանները կը ցուցնէր. կնոջ ձայն մը կը լսուէր բարձրախօսէն:
«Էղէու. յաջորդ կայարան՝ էղէու»: Հոն պիտի իջնէի եթէ երթալուս տեղը հայկական դպրոցը ըլլար. բայց հիմակուհիմա չէ, հոն չեմ երթար: Զօրաւոր ճերմակի տպաւորութիւնը կու տար վակոնին ներսը. ճերմակ շրջապատ, կապոյտ նստարաններ եւ կանանչ պաստառներ: Ասոնք էին գլխաւոր գոյները: Մարդիկ քով-քովի նստած, մէկը հեռաձայնով կը խաղար, միւսը երաժշտութիւն կը լսէր, ուրիշ մը գիրք կը կարդար: Լռութիւն կը տիրէր: Ոչ մէկը համարձակութիւն ունէր ձայնաւոր բառ մը արտասանելու. միակ բանը որ կը լսուէր, տրամուղիին անիւներուն խանգարիչ ձայնն էր, որ մանաւանդ աջ կամ ձախ դառնալու ատեն կը զօրանար կարծես. կրնայիր զգալ ճնշումը որ կը տանէին: Աջ կողմս էր որ դէպի առջեւ կ՚երթար. հոն նայելով, առջեւի վակոնի քիթին, քշողը կը գտնուէր: Այս մարդը միշտ տպաւորութիւնը կու տար թէ ամբողջ օրը երկու կոճակ կը կոխէ. մէկ դեղին, մէկ կարմիր: Դեղինը մէկ անգամ կոխելով տրամուղին պիտի սկսի, երկրորդ անգամ կոխելով կենայ: Կարմիրն ալ դուռը բանալու եւ գոցելու համար: Հայտէ սեւ կոճակ մըն ալ աւելցնենք լոյսերուն համար, բայց ատկէ զատ ի՞նչ: Ինծի դնէիք օրը 9 ժամ կոճակներ կոխելու, անձնասպան կ՚ըլլայի կարծեմ: Ինչ որ է, աւելի գէշ վիճակներ կան վստահաբար: Մէկը կրնայ ըլլալ երեք կոճակի տեղ երկու ունենար կամ մէկ: Մարդիկ կան նոյնիսկ կոճակ մը չունին կոխելու եւ կը վճարուին. պարզապէս նստելու համար:
Lեռներ, ձորեր, ես եւ դուն. մի՛ վախնար, ճամբան մեր սահուն:
»Lեռներ, ձորեր, ես եւ դուն. մի՛ վախնար, ճամբան մեր սահուն:
»Թափանցիկ դուռէն դուրս կը նայիմ, ինչպէս ինքնաշարժները կը հետեւին մեզի: Մեր ուղղութիւնները զուգահեռ են. ուրեմն ճիշտ դիմացս, կարմիր պզտիկ օթօ մը, մեր արագութեամբ, տրամուղիին քովէն կը քալէ: Կարծես իր պզտիկ ընկերը ըլլայ, որ ուր ալ երթայ հետը պիտի գայ: Ուղիղ ճամբայ կամ ծուռիկ. անձրեւոտ օրեր կամ արեւոտ, անուշիկ. լեռներ, ձորեր, ես եւ դուն. մի՛ վախնար ճամբան մեր սահուն: Ու երբ այլեւս անտառներ, անապատներ անցնինք, կանանչներ եւ դեղիններ նայինք, երբ այլեւս արեւը մար մտնայ եւ գիշերը մօտենայ, դուն իմ պզտիկ ընկեր, գիտցիր. մեր ճամբորդութիւնը պիտի չկենայ: Յանկարծ բարձրախօսէն լսուեցաւ. «Էղէու»։ էղէու ըսուեցաւ: Դիմացիս դռները բացուեցան եւ քանի մը հոգի դուրս ելան. մտնողները աւելի շատ էին բայց, տրամուղին ծանրացաւ: Դռները գոցուեցան եւ ձայն մը նորէն. «Պակնանա. յաջորդ կայարան՝ Պակնանա»: Վերջապէս, հոն ուր ընկերներս կը սպասեն զիս: Յուսամ շատ ուշ չմնացի. շատ սպասած չըլլան ինծի: Մէկ-երկու վայրկեան է ընդամէնը եւ տեղ կը հասնիմ: Անցնելով, մեր դիմաց կողովագնդակի բակ մը կ՚երեւի. պաս-պարապ սակայն, կանուխ է դեռ. մարդիկ այս ժամերուն չեն խաղար: Շարունակելով, մեծ զառիվեր մը կայ վերջին. երեւակայէ ուժը որ պէտք է այս ծանրութիւնը քաշելու համար: Տրամուղին արդեն մինակը ծանր մարմին ունի, ասքան մարդ ալ մէջը աւելցած, կրնայ խնդիր մը ըլլալ: Մէկ անիւ աջ տուր, մէկ անիւ ձախ տուր. ետեւէն հրէ, առջեւէն հսկէ: Սա ծանրութիւնը ինչպէ՞ս կը քաշէ: Մարդիկ հանդարտ, առանց հասկնալու կը բարձրանան եւ իրենց հոքը չէ ինչպէ՛ս, ինչո՛ւ:
Վերջին ուղիղս այլեւս մնաց. նայէ, նայէ ընկերս դեռ չգնաց: Բայց լոյսը կարմիր է, անցնիլ չենք կրնար. սպասել, սպասել պէտք է անդադար: Կարմիր օթօ, կարմիր յոյս, կանանչ եղաւ, աչքերնիդ լոյս: Ու հասայ տեղ, վար իջայ, կրնամ ըսել նեղուեցայ որ պզտիկ ու մեծ ընկեր, ճամբաներ կ՚ընտրեն տարբեր: