անցեալիդ
կռնակդ դարձուցած
ապագայիդ
աչքերդ փակած
կը ներկայանաս
մնջախաղով
բառերդ
բերնիդ մէջ
բանտարկած
…
փորձեցիր փոխել
աշխարհը այս
սակայն
ցաւօք սրտի
չյաջողեցար
փորձեց փոխել քեզ
աշխարհը այս
սակայն
ով զարմանք
ձախողեցաւ
ահաւասիկ
այս աշխարհը եւ դուն
դէմ դիմաց կանգնած
ինք վրադ կը խնդայ
իսկ դուն՝ իր վրան
…
նաւարկեցիր անվերջ
ու կը նաւարկես տակաւին
հասնելու այն քարափին
որ կը գտնուի
հորիզոնէն անդին
նաւարկեցիր անվերջ
ու կը նաւարկես տակաւին
հասնելու այն քարափին
որ կը գտնուի
միշտ հեռացող
հորիզոնէն անդին
նաւարկեցիր անվերջ
ու կը նաւարկես տակաւին
հասնելու այն քարափին
հայեացքդ միշտ
հեռացող հորիզոնին
անգիտակից
թէ ա΄յս է կեանքը
ալիքներուն մէջ
առանձին
…
ու ապրեցաք միասին
երազդ եւ դուն
հաւատարիմ
մէկը միւսին
ինք մնաց
մի΄շտ երազ
իսկ դուն չմնացիր
առանց երազի
գծանկար՝ արեւիկ