Հակառակ ուղղութիւնը

 

Loading

Հակառակ ուղղութեամբ այս անգամ։ «Պակնանա», «էղէու» եւ «Աղիաս Ֆոդինիս» պիտի ըլլար: Աղիաս՝ սուրբ եւ Ֆոդինիս՝ առանց վստահ ըլլալու, «Լուսինէ» կրնայի ըսել: «Սուրբ Լուսինէն» ուրեմն գլխաւոր եկեղեցին է մեր թաղամասի եւ քալելով հինգ վայրկեան հեռու հրապարակէն:

Տրամուղիին դռները կը բացուին եւ մէկ անգամէն հարիւրաւոր երիտասարդներ կ՚իյնան աչքիդ առջեւ: Նոյն վագոնին մէջ, աջիդ կամ ձախիդ վագոններուն մէջ, առջեւդ, հրապարակին վրայ. ամէն տեղ են: Վստահաբար շատ ծանօթներու կը հանդիպինք հոս. բայց ժամադրուած ենք ընկերներու խումբով: Մենք եւ երեք աղջիկներ գլխաւոր խումբն ենք. շատ անգամ մեզի նաեւ ուրիշ ընկերներ կը միանան, բայց մենք, վեցս, միշտ ներկայ. միասին: Երկուքին դպրոցը ճիշտ հրապարակին վրայ կը գտնուի. կրնանք երթալ դուրսը սպասել իրենց: Ինչպէս կայարաններու մեծամասնութիւնը նոյնպէս աս ալ երկու փողոցներու միջեւ է. ետեւս սրճարաններ, չինական ուտելիքի խանութ մը, դրամատուն մը. դիմացս հրապարակը: Փողոցը անցանք ու վերջապէս ոտք կոխեցինք հոն. որեւէ տարօրինակ զգացում չկար. նոյն հրապարակը, նոյն մարդիկը, նոյն տպաւորութիւնները: Աջ ու ձախ նայելով, շուրջդ դիտելով կը փորձեմ ըմբռնել կատարուածը: Սակայն անկարելի է. աչքդ կրնայ տեսնել, բայց միտքդ անկարող է հետեւելու բոլոր իրադարձութիւններուն:
Արձան մը տնկուած է առջեւս. արձան մը որուն առջեւ չեմ յիշեր կեցած, հետաքրքրուած ըլլալս, ոչ իսկ վայրկեան մը նայելու, հասկնալու, թէ ո՞վ է այս մարդը. ինչո՞ւ հոս կը գտնուի, ի՞նչ նպատակով: Ո՞վ է այս անպէտք արձանները թխմողը ամէն տեղ. ինչո՞ւ մարդիկ երբեք չեն հետաքրքրուիր ասոնցմով: Սակայն կրնամ դիւրութեամբ գուշակել ասոր ով ու ինչ ըլլալը. կարեւոր քաղաքապետ մը, նախագահ մը, նախարար մը, վարդապետ մը կամ հռչակաւոր զօրավար մը: Երեւակայէ դուն քու արձանդ շինես եւ տնկես հրապարակի մը մէջտեղը ու մէկն ալ քաքի տեղ չդնէ քեզի: Եթէ ուզէի ստորնութիւն բառը մէկ տեսարանով ներկայացնել, կարծեմ ա՛տ կ՚ըլլար: Չեմ կարծեր. վստա՛հ ատ կ՚ըլլար: Ատ է ստորնութիւնը. ինքզինքդ նշանաւոր ու կարեւոր մէկը կարծես, բայց իրականութեան մէջ անպէտք, նոյնիսկ վնասակար արարած մը ըլլաս: Եւ ատ է մտրակը որ կը չարչարէ մարդու էութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այլեւս իր կեանքին իմաստը, եթէ ոչ նշանաւոր մէկը դառնալը: Մարդ արարածը երկու հարիւր հազար տարի ետ մնացեր է, բանտարկուած. կարծելով թէ քաղաքակրթուած եւ ազնիւ մէկն է: Ու հասած ենք հոս սիրելիներ, 2012 Քրիստոսէ ետք. մէկ կողմէն ունինք մարդը որ տիեզերք հասած է եւ խենթանալիք ստեղծագործութիւններ կատարած է եւ հակառակ ուղղութեամբ կապիկ մը որ միւս կապիկներուն դէմ կը կռուի տակաւին, ինքզինքին բան մը փաստելու նպատակով:

«

կապիկ մը որ միւս կապիկներուն դէմ կը կռուի տակաւին

»
«

կապիկ մը որ միւս կապիկներուն դէմ կը կռուի տակաւին

»

– Սուրճ մը առնե՞նք, քալելով խմենք, Յարութը հարցուց:
– Հաճիս, պատասխանեց Վահանը:
Սթարպաքսը հրապարակի ճիշտ անկիւնը կը գտնուի, ուրեմն կայարանին դիմացն է գրեթէ. մարդիկ ժամադրուելու ատեն յաճախ հոս կը հանդիպին: Կանանչ ետնամաս, ճերմակ գոյնով գծուած աղջիկ մը, երկար մազով, գեղեցիկ թագ մը գլխուն: Քիչ մը ուշադրութեամբ դիտելով կ՚անդրադառնաս որ պարզ աղջիկ մը չէ, այլ ծովանոյշ մը, որ կը զգացուի թէ իր պոչը երկու մասի բաժնուած եւ վարէն դէպի վեր ելած է շրջապատելով զինք մինչեւ իր ուսերու բարձրութիւնը: Չէի նշմարած այդ թագի վրայի աստղը ու ճիշտ նոյն պատճառով երբեք կապը չէի ըրած աստղին եւ ընկերութեան անունին միջեւ:
Երկու յարկանի. ոչ շատ մեծ, ոչ ալ պզտիկ շէնք մըն էր: Թափանցիկ ապակիներով շրջապատուած, որպէսզի ներսի ամէն ինչը երեւելի ըլլար: Ամբողջովին փայտէ շինուածի տպաւորութիւնը ունէր. սրճագոյնը եւ անոր երանգները գլխաւոր գոյներն էին:
Արկղակալի առջեւ արդեն քանի մը երիտասարդ կան որ կը սպասեն: Յարութը կը փորձէ ապակիէ դուռը քաշել. չի բացուիր: Կ՚անդրադառնայ սխալը եւ կը հրէ այս անգամ. ներս կը մտնանք: Խանութին միայն կէս սեղանները անսբաղ են. շատ հանգիստ չէ նստելու մեծ խումբի մը համար, սեղանները պզտիկ են եւ տեղը անյարմար: Պոչին ծայրը կը դառնանք սպասելով համբերութեամբ մեր ապսպրելու պահն ալ հասնի: Ճիշտ մեր առջեւ սուրճերու ցուցակը պատէն կախուած է: Անանկ անհասկնալի անուններ մը. էսբրէսօ, ֆրաբէ, ֆրաբուչինօ, քափուչինօ, ֆրէտուչինօ ու հինգ վեց չինօ դեռ, որոնք նոյնիսկ արտասանելու անկարող էի:

Մաս կը կազմէ «Վերամուտը» շարքին։