Ճամբան երկկողմանի է, լեցուն շէնքերով: Բնակարաններ, վեց, շատ-շատ եօթ յարկանի. ատկէ բարձր Աթէնքի մէջ կարծեմ արգիլուած է: Քանի մը վայրկեան քալելէ վերջ պիտի հասնիմ ճամբու ծայրը գրեթէ. հոն, քառուղիին անկիւնը, չինական ճաշարան մը պիտի նստիմ, պարապ միշտ. տարուան մէջ հազիւ երեք-չորս անգամ մարդ տեսած ըլլամ մէջը, ատ ալ ինչ-որ չինացի զբօսաշրջիկներու խումբեր, ոչ տեղացի:
Միշտ դուրսէն անցնելով կը մտածէի, արդեօք ինչպէ՞ս կ՚ապրէր այս ճաշարանը. երեք-չորս անգամ աշխատելով տարուան ծախսերուն կրնա՞ս տիրապետել: Ուրիշ կասկածելի գործեր կը պատահէին հոս, որոնց մէջ ես չեմ խառնուիր. ուզածնին թող ընեն: Մայթին միւս կողմը պէտք է անցնիմ այլեւս: Կամաց կամաց կ՚անդրադառնայի որ փողոցին շարժուդարձը կ՚աշխուժանար: Մարդիկ կ՚ելլէին տուներէն պատրաստ գործի երթալու, ուրիշներ նոր կ՚արթննային, կային որ հիմա կը մտնային իրենց ինքնաշարժերուն մէջ եւ անոնք որ արդէն ճամբայ ելած էին: Մարդիկ որ իմ արթնցած ժամուս արդեն գործի հասած, սկսած էին եւ ուրիշներ որ ամբողջ գիշերը կ՚աշխատէին երբ ես եօթներորդ երազիս մէջ կը գտնուէի: Բայց կեանքը այսպէս անարդար է, չէ՞: Մէկը կը պառկի միւսը կ՚աշխատի. մէկը երազներուն մէջը կը պտտի միւսը կեանքի ճշմարտութենէն կը տառապի: Ով եմ ես, դեռ չեմ գիտեր: Ժամանակներ կան որ ինքզինքս հանգիստ ու լաւատես կը գտնամ. երբ մտածեմ որ ես ալ պզտիկ անձնական վայր մը ունիմ այս մոլորակին վրայ․ յոյսով թէ գոյութեանս պատճառը պիտի յայտնուի վաղ թէ ուշ եւ ատկէ վերջ պիտի կարենամ երջանկութեան աշխարհը գրաւել: Բայց նաեւ կան ժամանակներ որ անձկութիւնը ու վախը միտքս կը չարչարեն. վաղուան մտածումը, յոյս եւ խանդավառութիւն պատճառելու տեղ յուսախաբութիւն եւ վհատութիւն կը բերէ:
Ի վերջոյ դիմաց անցայ: Նոբսնոր շատրուան մը քովս որուն ջուրերը ճիշտ յատակէն դուրս կը նետուէին: Տարօրինակ. ասանկ բան տեսած չկայի: Շատրուանէն դէպի աջ պզտիկ անտառակ մը կար. կանանչութիւնը աչքդ կը յագեցնէր: Մարդիկ կը սիրէին այս տեղը. կարծես իրենց միակ շունչը ըլլար. միակ շունչը քաղաքի մը մէջ, որ շնչասպառ կը ձգէր մեզի: Ադքան մեծ էր տեղը որ կրնայիր նաեւ վազելու կամ մարզուելու համար գալ: Կառավարութեան կողմէ մարզական քանի մը հատ գործիքներ շինուած էին անտառակին մէկ ծայրը: Պէտք է հաստատեմ որ յաջող գաղափար մըն էր (քիչ անգամներէն մէկը որ այս մարդիկ վերջապէս ըրին գործը որուն համար ընտրուեցան): Պարզ քալողներ, վազողներ, շուներ պտտցողներ, հացկերոյթ ընողներ իրենց երեխաներով, ջինջ բնութիւնը վայելողներ: Ամէն տեսակի մարդ հոստեղէն կ՚անցնէր, մանաւանդ իրիկուայ ժամերուն. առտուները քիչեր կային: Անգիտակցաբար կը կապենք մեր առողջութիւնը բնութեան հետ. դարերէ ի վեր մշակուած մտածում մը ըլլայ կարծես: Ի վերջոյ երկու հարիւր տարի առաջ է որ կամաց-կամաց մարդիկ սկսան այս ձեւով համախմբուիլ քաղաքներու մէջ, ճարտարարուեստական յեղափոխութեան պատճառաւ: Ատկէ երկու հարիւր հազար տարի առաջ մարդ անտառներու մէջ, ծառերու վրայ կը պտտէր, ճիւղէ ճիւղ կը բռնուէր: Ամբողջ կեանքիս մէջ ամենէն շատ լսած ասացուածքս աս պէտք է որ ըլլայ. «առողջութիւնը ամէն ինչէ վեր»: Մարդկութեան խնդիրն է սակայն այս. ըլլայ Աստուած, գաղափար կամ առողջութիւն… խօսքով կը պաշտենք, ոչ գործով:
Սակայն բաւարար չէր այդ մէկ ակնարկը. անպայման աւելին պէտք ունէի:
»Սակայն բաւարար չէր այդ մէկ ակնարկը. անպայման աւելին պէտք ունէի:
»Աղջիկ մը առջեւէս անցաւ. այֆօնը ձեռքին ինչ-որ պատգամներ կը կարդար հաւանաբար: Հետեւիլ ուզեցի իրեն, երեսը չէի հասած տեսնելու: Գլուխը կախ, մէկ անգամէն, արագ քայլերով, ետեւէս գալով առջեւս անցած էր ուրեմն տեսածս այդ մէկ երկվայրկեանի մէջ պարունակուած էր: Այն երկվայրկեանին, որ ինք ոչ ետեւս էր, ոչ ալ առջեւս. ճիշտ հոն կարելիութիւնը ունեցայ ակնարկ մը նետելու վրան: Սակայն բաւարար չէր այդ մէկ ակնարկը. անպայման աւելին պէտք ունէի: Ինքն ալ դէպի գծուղի էր կարծես, ուրեմն ուզած չուզած պիտի հետեւէի իրեն: Շէկ երկար մազերը կը փայլէին արեւու ճառագայթներուն տակ: Երանի ես ալ այսպիսի հրաշալի մազ ունենայի: Քաքէն է իմս. կարճ, սրճագոյն ու անտարբեր: Փոփոխութիւն մը պէտք է եթէ կ՚ուզեմ որ մէկը մօտենայ ինծի ի վերջոյ: Բայց ի՞նչ կրնամ փոխել: Արդեօ՞ք երկնցնեմ նորէն. արդեօ՞ք ամբողջովին խուզեմ: Երեւակայելը վրաս դժուար է. եթէ աչքովս չտեսնամ չեմ հասկնար: Օր մը կը փորձենք ատ ալ. արդեն երկնցնելու համար նոյնիսկ ընելիք չկայ. միայն սպասում: Ի դէպ մարմինն ալ գրաւիչ էր ասոր. ետեւէն դիտելով կ՚անդրադառնայի որ այդ ճինզին տակ կատարեալ բան մը կար պահուըտած: Իր գանձն էր ատիկա. ատ եթէ չպահեր գաղտնի, ուրեմն ի՞նչը: Գոհարեղէնէ եւ դրամներէ աւելի արժէքաւոր է, չէ՞: Աշխարհի ամենէն արժէքաւոր բանը կրնայի ըսել: Բայց նոյնիսկ ատ թիւ մը ունի. թիւ մը որմէ պիտի չկարենաս հրաժարիլ: Այդ թիւը յայտնաբերող անձը ուզածը կ՚ընէ հետդ. Ամէն ինչդ կ՚առնէ. ունեցած չունեցածդ, ոչ միայն ինչ որ քեզի կը պատկանի, այլ ամէն ինչ: Սակայն հետաքրքրականը ուրիշ անձ մըն է. անձ մը որուն նորէն ամէն ինչդ կու տաս, բայց այս անգամ անգիտակցաբար եւ առանց փոխանակումի: