Մայթեր

 

Loading

Օր առաջին: Այս օրուան շաբաթներով սպասած եմ: Գիշերուայ քունս կը զգամ որ բաւական խանգարուած էր. անձկութիւնը կը չարչարէ զիս: Աչքերս գոց, բայց միտքս չափէն աւելի բաց. անանկ մը կը դառնան մտածումները գլխուս մէջ, որ ով գիտէ, հաւանաբար յաջորդ տարի աշխարհին գլխաւոր խնդիրները լուծած ըլլամ:

Դժբախտաբար ձեզի համար, սակայն, մտածումներս միայն իմ խնդիրներուս շուրջը կը դառնան. ոչ ձեր: Քանի մը ժամ այսպէս. արթնցիր, ջուր մը խմէ, ետ պառկէ. ջուրէն վերջ ի՞նչ. շռելս պիտի գայ չէ՞. ինչո՞ւ այսքան միամիտ եմ. շռէ, նորէն ետ պառկէ: Մէկ խօսքով, տառապանք գիշեր մը: Հազիւ մէկ երկու ժամ կրցայ քնանալ: Մտային զարթուցիչս ամբողջ գիշեր աշխատանքի վրայ էր. վայրկեաններն ու երկվայրկեանները կը համրէր, մինչեւ որ վերջապէս արտօնութիւնը տուաւ աչքս բանալու: Քովիս կոճակը կը կոխեմ. շերտաւոր վարագոյրը կը սկսի բացուիլ: Սենեակս կամաց կամաց կը լուսաւորուի բայց դեռ ոչ բաւական. արեւը դուրս չէ թռած. կը պատրաստուի: Աչքս կիսաբաց, կապոյտ երկինքը կրնամ նշմարել եւ դիմացի շէնքերը: Գլուխս վեր կ՚առնեմ. կը նստիմ անկողնին վրայ: Կը կենամ. աչքերս կը գրգռեմ քիչ մը, վստահ ըլլալու համար թէ այլեւս պատրաստ եմ լքելու անկողինս: Կ՚ելլեմ. շուտիկ մը շորթս վրաս կը քաշեմ, թիշըրթ մը կը հագնիմ եւ կ՚ուղղուիմ դէպի լուացարան: Լաւ է որ մարդիկ արթուն չեն դեռ. կրնամ հանգիստ գործերս ընել: Ջուրը կը բանամ եւ ձեռքերուս օճառ կ՚ընեմ: Ուրախ եմ որ կարելիութիւնը չունիք առտու կանուխ մռութս տեսնելու. այս մարդիկը, որ օրուան մէջ անուշիկ կը կարծեն զիս, թող հիմա առջեւս գան. նոյնիսկ հայելիս կը հայհոյէ զիս կարծես:

-Այս վիճակդ ի՞նչ է, ծօ՛: Արդեօք նայեցա՞ր ինքզինքիդ հայելիին մէջ: Մի՛ հարցներ նոյնիսկ. այո, աշխարհի ամենէն տգեղը դուն ես:

Ու այս անուշիկ գովասանքներէն վերջ ակռաներս պիտի վրձինեմ, գլուխս կախ այլեւս. չուզելով ինքզինքս դիտել: Երեսիս նետուած պաղ ջուրը կարծես կը շտկէ տեսքս քիչ թէ շատ. բայց նորէն ալ վիճակս վիճակ չէ: Ժամանակ չկայ շտկուելու. գուլպայ, կօշիկ եւ՝ դուրս: Քալել պէտք է մինչեւ գծուղի. հոնտեղէն ալ երկու կայարան անդին ժամադրուած ենք ընկերներով. միասին պէտք է երթանք: Տունէս 30 մեթր հեռու, աջ ձեռքիս վրայ, ոստիկանատունը կը գտնուի. լաւ է որ մեզի ադքան մօտ է: Ապահով թաղամաս մըն ենք. հազուադէպ կ՚ըլլայ որ գողութիւն կամ որեւէ այլ յանցագործութիւն մը պատահի այս կողմերը: Ձախ կողմս հսկայական շէնք մը կայ որ հին պանդոկի մը կը նմանի. մինչեւ ամիս մը առաջ չէի գիտեր այս շէնքին ինչ ըլլալը բայց օր մը չեմ յիշեր ով պատմեց թէ որբանոց է: Գիշերները, տուն դառնալուս ատենները կրնայ իսկապէս վախնալիք տեսք ունենալ այս շէնքը: Խոշոր, պզտիկ պատուհաններով. տեղ տեղ լոյս մը կը բացուի. պատուհան մը կը լուսաւորուի: Գիտնաք բայց որ վախկոտներէն չեմ. ինծի վախցնելու համար շատ ջանք պէտք է թափել. դիւրին չէ:

«

Գիտնաք բայց
որ վախկոտներէն չեմ.
ինծի վախցնելու համար
շատ ջանք պէտք է թափել.
դիւրին չէ:

»
«

Գիտնաք բայց
որ վախկոտներէն չեմ.
ինծի վախցնելու համար
շատ ջանք պէտք է թափել.
դիւրին չէ:

»

Քայլերս ոչ շատ արագ, ոչ շատ դանդաղ: Ժամուն ելած էի տունէն ուրեմն աճապարելու պատճառ չկար: Որբանոցի ու մայթի միջեւ պատ մը, գրեթէ երկու մեթրանոց որ պիտի ծածկէր դէպի շէնք տեսողութիւնս: Ամէնաբարձր մասերը կ՚երեւէին միայն: Ամբողջը պիտի կարենայի տեսնել երբ հասնէի մուտքի մեծ դուռին եւ բախտաւոր ըլլալով (երբ բաց ըլլար), պիտի նշմարէի լման տարածութիւնը: Մէջը պզտիկ բակ մը, երեխաներու զուարճութեան համար եւ քովը հասնող նեղ ճամբայ մը ինքնաշարժներուն համար: Նոյն տարածութեան մէջ նաեւ եկեղեցի մըն ալ կար. ի՞նչ կապ եկեղեցի-որբանոց, գնայ հասկցիր: Աս խեղճերուն բոլորը օգտագործել կ՚ուզեն կարծես թէ: Ընկեր մը ունէի, Լուքա անունով: Պատմած էր իր փորձառութիւնները որբանոցի տարիներէն. բացատրած էր որքան դիւրին է այս ջոճուխները դուրսէն մէկը գտնայ եւ խոթէ իր աղտոտ գործերուն մէջ. ըլլան անոնք թմրեցուցիչներու կամ բոզութեան հետ կապուած: Ընկերս բախտաւորներէն մէկը եղաւ. 13 տարեկանին ընտանիք մը որդեգրեց, ազատելով իրեն այս միջավայրէն… Աս ալ մեր թաղի որբանոցի պատմութիւնը, որու մայթին վրայ, որ կը քալէի հիմա, ծառեր կային տնկած. մօտաւորապէս երկու մեթր հեռաւորութեամբ մէկը միւսէն: Այս մայթը սովորականներէն լայն էր. ինքնաշարժերը կէս վրան ելած, ծառերը քովերէն եւ դեռ բաւական տեղ ունէիր քալելու հանգիստ: Սովորականի մը վրայ օթօն եթէ ելլէ, կէսը կը զբաղեցնէ արդեն. մէկ-երկու անգամ պզտիկ ցցուած պատուհանները կոտրած էմ արմուկներովս. անշուշտ ոչ դիտմամբ, սակայն հաճոյք ստանալով ի վերջոյ:

-Ընկեր սա մայթը շինուեցաւ որ մարդիկ ապահով տեղ մը ունենան քալելու. ինքնաշարժդ սիկտիր ըրէ:

Մաս կը կազմէ «Վերամուտը» շարքին։