-Շատ չուշացայ չէ՞:
Շուրջիս աշխարհը, նորէն բացուեցաւ. խանութներ, մարդիկ եւ ինքնաշարժներ մօտիկ զգացի, քիչիկ աւելի: Կայարանի մետաղէ պաստառը Պակնանա կը գրէր, սեւ, խոշոր գիրերով. ինձմէ մէկ մեթր բարձր մօտաւորապէս: Աջ կողմս, ծերուկ կին մը, դժուարութեամբ կը փորձէր տոմսակներու մեքենան աշխատցնել. ամիս մը առաջ բոլոր այս մեքենաները նորոգեցին եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն տուին մարդոց. եանի, կը գտնանք ձեւը վաղ թէ ուշ:
Օգնե՞մ կինը. չօգնե՞մ: Լաւ օգնեմ արագ մը. ուֆֆ, չէ չէ, ժամանակ չկայ ասանկ բաներու համար: Աւելի լուրջ խնդիրներ ունիմ. ընկերներս կը սպասեն: Ծանօթացումը մեր, 9 տարի առաջ այսպիսի անուշիկ օրուայ մը նման. այն ատեն սակայն, բոլորս կէս մեթր մը պակաս էինք. ես կրնայ ըլլալ աւելի նոյնիսկ: Այո, մեր հասակները մօտ են. ոչ բարձրահասակ, ոչ ալ կարճուկ, 1.80 ենք բոլորս: Յարութը միակ ակնոցաւորն է: Նիհար, բարեսիրտ տղայ մը, այնքան բարեսիրտ որ կը կարծէիր թէ կեանքի մէջ նոյնիսկ մժեղ մը սպանած չկայ: Կարճ, գանգուր, ցանցառ մազ մը եւ պզտիկ մօրուք մը. խիտ չէր դեռ, սկզբնական մօրուքային քայլերը կ՚առնէր: Սեւ թիշըրթ մը վրան, կապոյտ ճինզ եւ ճերմակ կօշիկներ:
Երկու ճամբաներու միջեւ էր կայարանը, ուրէմն պէտք է դիմացի մայթ անցնէինք: Աջ ու ձախ դարձող գլուխները ստուգեցին եթէ կու գան ինքնաշարժները: Վստահ ըլլալով որ այլեւս վտանգ չկայ, հանգստօրէն քալեցինք ճամբուն վրայ:
-Ինչպէ՞ս ես, Յարութը հարցուց:
Ինչպէ՞ս եմ. եթէ մէկը գիտնայ թող պատասխանէ տեղս հաճիք: Տարօրինակ նեղութիւն մը պարուրած է միտքս. չեմ կրնար հասկնալ ինչո՞ւ, կամ աւելի ճիշտ, չեմ ուզեր. չեմ ուզեր հասկնալ ինչո՛ւ: Հետաքրքրուած չեմ այդ խնդիրը լուծելով, որովհետեւ միշտ պզտիկ է. պզտիկ է եթէ համեմատեմ հանդարտ օրերուս հետ: Կու գայ եւ կ՚անցնի. չ՚ուշանար: Այդ օրերը պարզապէս կը փորձեմ շատ չմտածել. կը զբաղցնեմ ինքզինքս տարբեր խաղերով կամ ժապաւէններով: Ու կը մոռնամ քիչ մը, կը տարուիմ, կը թեթեւնամ, մինչեւ որ ետ պառկելու իյնամ, եւ այլեւս կտրուիմ այս աշխարհէն, կորսուիմ այս տեղէն, ճամբորդեմ ուրիշ տեղեր, ուրիշ վայրեր… Վայրեր որ ես պիտի ստեղծեմ այլեւս, մինակս, առանց միջնորդութեան, առանց որեւէ մէկ օգնութեան, առանց որեւէ մէկ բառ արտասանելու, մինակ, միս մինակ, ես պիտի ըլլամ տէրը աշխարհիս, տէրը վայրիս, մեծ ստեղծողը, Աստուա՞ծը, կրնայ ըլլալ, ինչո՞ւ ոչ, պիտի որոշեմ ինչ գոյն պիտի ըլլայ երկինքս, ուրտեղէն պիտի յայտնուի արեւս, ուրտեղէն պիտի կորսուի, ուր պիտի գտնուի կղզիս, արդեօ՞ք կեցած պիտի ըլլայ, կամ պիտի ճամբորդէ՞ ազատ տիեզերքին մէջ ցցնելու համար վայրեր որոնք չէի կրցած գտնալ դեռ, չէի կրցած երեւակայել, չէի գիտեր որ այդպիսի վայր մը կրնայ գոյութիւն ունենալ, չէի գիտեր որ պարապութիւնը այս հսկայ կրնամ ջուրով կշտացնել, եւ մէջը սուզուիլ, անդադար սուզուիլ, առանց գետին դպնալ կրնալու, որովհետեւ գետին գոյութիւն պիտի չունենայ, յատակ մը չկայ, եւ պիտի կորսուիմ այդտեղ, տարածութեան մէջ, ժամանակի մէջ, ժամանակի տարածութեան մէջ, սեւ խուցի մը մէջ, հոն ուր ուզածս կրնամ գիտնալ, ոչինչ կրնամ ընել, ոչինչ կրնամ մտածել. կրնամ, պարզապէս կորսուիլ:
-Լաւ եմ Յարութ:
Վայրեր որ ես պիտի ստեղծեմ այլեւս, մինակս, առանց միջնորդութեան…
»Վայրեր որ ես պիտի ստեղծեմ այլեւս, մինակս, առանց միջնորդութեան…
»Յարութը լսե՞ց. չլսե՞ց. չեմ գիտեր: Վստահ եմ միայն որ հոգը չէր այդ վայրկեանին. Վարդանին հետ կը խօսէր այլեւս: Երեքով էինք, բայց մինակ էի: Հոն էի իրենց հետ, բայց հոն չէի իրենց համար. եւ մեղադրել ալ չեմ կրնար, որովհետեւ իրաւունք ունէին զիս հանգիստ ձգելու: Յաճախ կը պատահէր որ շուրջս նայելով կամ մտածումներուս մէջ կորսուած չպատասխանեմ ըսածներուն. անքաղաքավարութիւն: Կը սիրեմ այս բառը. ոչ իբրեւ բառ այլ իբրեւ արարք: Անքաղաքավարութիւնը, ձեր աշխարհին դէմ կռիւ մըն է. անորոշ: Անորոշ կռիւ մը, պաղ պատերազմ մը. ձեւով մը միայն հոգեբանութեան ազդող, առանց զոհերու, առանց ռումբերու: Շիք կռիւ մը: Շիք եւ անորոշ. ու գիտես որ կրնայ արդիւնաբեր ըլլալ չէ՞: Նայէ, ամերիկացիները մինչեւ ուր հասան: Ես արդեօք մինչեւ ո՞ւր կրնամ հասնիլ: Կրնա՞մ սահմաններս կործանել եւ մէկ աւելորդ քայլ ընել: Կրնա՞մ թեւերս բանալ եւ Իմփայր Սթէյթի գագաթէն, ազատ ձգել մարմինս որ իյնայ, իյնայ ու իյնայ, օդը զարնէ ամէն մէկ մասնիկիս, կարծես թաթառի մէջ ինկած ըլլամ, ադքան զօրաւոր որ հագուստներս փրթին կամաց-կամաց, փախչելով վրայէս, ու այլեւս մերկ, միակ մնացած տուժողը մաշկս ըլլայ։ Մաշկս ու մնացած մազերս՝ գլխուս, անութիս եւ ոտքերուս լման մազերը, նոյնիսկ յօնքերս, պիտի չկարենան հանդուրժել հսկայական արագութեամբ այս մաշումը, իրենք ալ պիտի փրթին մէկ-մէկ, գլուխս պիտի ցաւի անկումէն, ձեռքերս պիտի զարնուին կուրծքիս, փորիս, մէջքիս եւ մէկը միւսին դէմ նոյնիսկ, ծափիկ տալու պէս, ուրախութեան ծափիկներ, որ պիտի նշեն խանդավառութեանս եւ վերջաւորութեանս գալուստը… Գալուստ մը որ տարիներով անդադար սպասեցի, չգիտնալով որ վերջին երկվայրկեանին, երբ այլեւս ոչ մէկ յոյս պիտի մնայ, թռչող թեւերս պիտի բացուին ու պիտի թռիմ, հասնելով մինչեւ երկինքի հորիզոնի ամենէն հեռացուած մեկնակէտը: